ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ.Էյ.Ամ».- «2009ը հայ ժողովուրդի համար, քաղաքական առումով, ամենալարուած տարիներու շարքին կարելի է դասել. ազգի համար մտահոգութիւններով ու ճակատագրական պահերով լեցուն տարի մը, որ, ի հարկէ, բնական շարունակութիւնը կարելի է համարել առնուազն երկու նախորդ տարիներուն», ըսուած է «Եւրոպայի հայերու համագումար»ի ամանորեայ ուղերձին մէջ:
«2009ին Սփիւռքը նոյնպէս ցուցաբերեց քաղաքական աննախադէպ յանձնառու վերաբերմունք եւ աշխուժութիւն՝ իր լուրջ վերապահութիւնը արտայայտելով համազգային խնդիրներուն վերաբերող գործելաոճին, մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ստորագրուած արձանագրութիւններու բովանդակութեան նկատմամբ: Սփիւռքը դանդաղ, բայց հաստատուն եւ յանձնառու վերաբերմունք ցուցաբերեց Հայաստանի իր քոյրերու եւ եղբայրներու հասարակական, տնտեսական եւ քաղաքացիական ոչ նախանձելի պայմաններու, եւ ընդհանրապէս, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան վերաբերող հարցերու նկատմամբ, գիտակցելով, որ Հայաստան ապրող հայութիւնը կանգնած է կրկնակի դժուարութիւններու եւ սպառնալիքներու դիմաց», նշած են եւրոպահայերը աւելցնելով. «Եւրոպայի հայերու Համագումարը կը մաղթէ, որ 2010ը ըլլայ իրականացուած ցանկութիւններու տարի մը, սակայն լաւ գիտակցելով, որ կանգնած ենք պատմական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման՝ մեր տեսիլքները իրականութիւն դարձնելու համար, պարտադիր պէտք է ըլլանք զգօն եւ անսխալական, ցուցաբերենք համարժէք վերաբերմունք եւ անցեալէն դասեր քաղելով՝ յաղթահարենք մեր դէմ ծառացած, անյաղթահարելի թուացող դժուարութիւնները»: