ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Թեհրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութիւնը կոչով մը դիմած է իրանահայութեան, նամակներ յղել Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին, անոր փոխանցելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու հակասահմանադրականութիւնը հաստատելու ակնկալութիւնը:
«Ալիք»ի խմբագրութեան դիմումին մէջ գրուած է. «Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնների ներկայ բովանդակութեան դէմ հայ ժողովրդի մտահոգութիւններն ու դժգոհութիւնը փոխանցելու համար, կոչ ենք ուղղում մեր համայնքի յարգելի անդամներին, որպէսզի անհատական նախաձեռնութեամբ դիմեն ՀՀ Սահմանադրական դատարանին՝ հիմք ունենալով այն հանգամանքը, որ Հայաստան-Թուրքիա ստորագրուած արձանագրութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած պարտաւորութիւնները ամբողջութեամբ ՀՀ Սահմանադրութեանը չհամապատասխանող դրոյթներ են պարունակում, յատկապէս հետեւեալ երեք հիմնախնդիրներում, որոնք ինչպէս բազմիցս է ապացուցուել՝ բաւարարում են Թուրքիայի կողմից մշտապէս առաջ քաշւած նախապայմանները. դրանք են՝
ա – Ճանաչել Հայաստան-Թուրքիա գոյութիւն ունեցող սահմանը՝ որպէս իրաւական սահման,
բ – Հրաժարուել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային գործընթացից,
գ – Արցախի հիմնահարցը կարգաւորել՝ ի նպաստ Ադրբեջանի:
Հայաստանի ու համայն հայ ժողովրդի պետական ու ազգային շահերին ուղղակի հակասող եւ դրանց անվտանգութիւնը հարցականի տակ առնող վերոգրեալ անընդունելի նախապայմանները կանխելու եւ չէզոքացնելու կոչուած ՀՀ Սահմանադրական դատարանը իրաւական, պատմական ու բարոյական պատասխանատուութիւն ու յանձնառութիւն ունի, որպէսզի խիստ վերապահումներով քննարկի Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ արձանագրութիւնները եւ հէնց ՀՀ Սահմանադրական օրէնքների տառին ու ոգուն կառչելով՝ մերժի դրանք: Այլապէս՝ ներկայ բովանդակութեամբ արձանագրութիւնները վաւերացուելու դէպքում՝ դա վստահօրէն նպաստելու է միայն ու միայն Թուրքիայի հետապնդած նպատակներին ու ի վնաս՝ Հայաստանի ու հայութեան:»
«Ասպարէզ» եւս իր ընթերցողներուն կը դիմէ նոյն կոչով: Կրնաք ձեր նամակ դիմումները ուղարկել ՀՀ Սահմանադրական դատարանին՝ հետեւեալ E-mail հասցէով՝
armlaw@concourt.am
visit http://www.defendersofhomeland-armenia.org and send a similar letter to the leadership of Armenia.