ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յառաջիկայ Երեքշաբթի օր, ճիշդ այն օրը, երբ կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը պիտի վճիռ արձակէ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիպ Էրտողան Մոսկուայ պիտի հասնի՝ կառավարական մեծաթիւ ու տպաւորիչ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ:
Թրքական պատուիրակութեան կազմը ինքնին կը թելադրէ այն գլխաւոր հարցերը, որոնք պիտի քննարկուին երկու վարչապետներու կողմէ: Արտաքին գործերու նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի մասնակցութիւնը յստակօրէն կը թելադրէ, որ հրատապ հարցերու շարքին պիտի ըլլան շրջանային խնդիրները, որոնց մէջ իր առաջնահերթ դիրքը պիտի գրաւէ փակուղիի առջեւ կանգ առած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կանոնակարգման գործընթացը:
Ուժանիւթի, խողովակաշարներու, տարանցիկ պայմանագիրներու հարցերը եւս օրակարգի վրայ իրենց արժանի տեղը պիտի գրաւեն:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու թեմայով խօսակցութիւնը շատ հաւանաբար կեդրոնանայ Ղարաբաղի վրայ. Վարչապետ Էրտողան վստահաբար պիտի դիմէ վարչապետ Փութինին, որ ճնշում բանեցնէ հայկական կողմին վրայ՝ Ղարաբաղի հարցը լուծելու համար:
Ռուսիոյ բացայայտ շահագրգռութիւնը Թուրքիոյ հետ ուժանիւթի խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ, ռուսական բնական կազի պաշարներու դէպի Եւրոպա փոխադրութեան ճանապարհներու ու միջոցներու ապահովման մտասեւեռումը ամէն գնով պիտի օգտագործուի իբրեւ լծակ՝ Ղարաբաղի հարցին ատրպեճանանպաստ լուծումի մը համար Ռուսիոյ աջակցութեան ապահովման ի խնդիր:
Թէ Ի՞նչ յստակ յանձնառութիւններ Էրտողան պիտի կրնայ ստանալ Փութինէն կրնայ յայտնի չըլլալ, բայց անհերքելի փաստ է, որ Թուրքիա իր ամբողջ քաղաքական եւ տնտեսական կշիռը պիտի օգտագործէ այս հանգրուանին բեկում մը յառաջացնելու համար ղարաբաղեան տագնապի զարգացումներուն մէջ, բան մը, որ չի կրնար հայանպաստ ըլլալ…