ԷՋՄԻԱԾԻՆ,– Յունուար 6ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշուեցաւ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշափառ տօնը, որուն ընթացքին պատարագ մատուցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.։
Պատարագի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, ՀՀ Կառավարութեան անդամներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներ:
Սբ. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական իր պատգամը ուղղեց բարեպաշտ ժողովուրդին՝ անդրադառնալով Սբ. Ծննդեան խորհուրդին։
Այնուհետեւ Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ ընտանեկան արժէքներուն եւ անոնց պահպանման կարեւորութեան: «Ընտանիքում են խնամւում եւ զօրանում հաւատքը, յոյսն ու սէրը, որոնցով ընտանեկան ազատ, ջերմ ու հարազատ միջավայրում մարդը աճում ու զարգանում է դէպի բարին ու կատարեալը: Ընտանիքը կոչուած է շարունակելու Աստծոյ արարչագործութիւնը եւ պաշտպանելու մարդկային հոգու աստուածապատկեր նկարագիրը», ըսաւ Հայրապետը եւ իր օրհնութիւնն ու ողջոյնները յղեց համայն հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետական աւագանիին՝ յանձինս Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի:
Սբ. Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը կատարեց æրօրհնէքի սրբազան արարողութիւնը՝ ի յիշատակ Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան։ Այս տարի Մայր Տաճարին մէջ æրօրհնէքի Խաչի կնքահայր եղաւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեան:
Արարողութենէն յետոյ՝ տօնին առիթով՝ Վեհարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ռուսահայ բարերար Գագիկ Գէորգեան՝ Վեհափառի գահակալութեան 10ամեակին առիթով՝ ընծայաբերեց Հայրապետական գաւազան