ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Վերեւի ժողովրդական առածին բառերը ակամայ թռան մեր շրթներէն, երբ ծանուցուեցաւ, որ նախագահ Օպամա՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ապրիլ 24ի յիշատակութեան առթիւ իր ըրած յայտարարութեան ընթացքին «ցեղասպանութիւն» չէ անուանած 1915ին հայ ժողովուրդի դէմ թուրքերու գործած ոճիրները:
Չարագոյժ այդ պահուն մեր զգացած դառնութիւնն ու մեր սրտին մէջ պայթած փոթորիկը չհամարձակեցանք անմիջապէս թուղթին յանձնել: Խոհեմութիւնը մեզ ստիպեց սպասել մինչեւ որ «փոշին նստի», մթնոլորտը մաքրուի, կիրքը խաղաղի, բանականութիւնը տիրէ, յետոյ միայն վերադառնալ եւ անդրադառնալ այդ լուրջ ու ծանրակշիռ պատահարին: Եւ ահա, աւելի քան հինգ ամիսներ ետք, տակաւին խռով հոգիով, ցնցուած նեարդներով, երբ լուսարձակի տակ կը դնենք նախագահ Օպամայի՝ հայերուս հանդէպ դրսեւորած անարդար վերաբերումը, վերստին կը կրկնենք. «Եւ լեռը ծնաւ… մուկ»:
Վերնագրի փոխաբերական իմաստով դժգոհութեան մեր արտայայտութիւնը աննշան մէկ մասնիկն էր միայն համատարած այն յուսախաբութեան եւ ընդվզումին, որոնցմով համակուեցան այն հայ բազմութիւնները, որոնք մեծ յոյսեր դրած էին Ամերիկայի նախագահական պաշտօնին թեկնածու Պարաք Օպամայի Յունուար 2008ին տուած այն խոստումին վրայ, որ կ՛ըսէր. «Ամերիկան պէտք ունի առաջնորդի մը, որ ճշմարտօրէն դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ուժգնօրէն հակադարձէ ցեղասպանական բոլոր արարքներուն: Կը մտադրեմ ըլլալ այդ նախագահը»: (America deserves a leader, who speaks truthfully about the Armenian Genocide, and responds forcefully to all genocides. I intend to be that president.)
Վերջին տասնամեակներուն, Միացեալ նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու կողմէ հայութեան դէմ 1915ի թուրքերու գործած ոճիրները «ցեղասպանութիւն» տարազով որակելու անտեսումին պատճառած դառն մթնոլորտին մէջ, թեկնածու Օպամայի արդարամիտ ու մարդկայնաշունչ խոստումը լաւատեսութեան թարմ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր եւ խանդավառութեամբ կ՛ընդունուէր համայն հայութեան կողմէ:
2008 Յունուարէն մինչեւ 2009 Ապրիլ 24, 15 ամիսներու ընթացքին հայերուս փայփայած յոյսերը նախագահ ընտրուած Օպաման ակնթարթի մը մէջ կը խորտակէր, երբ հայոց Ապրիլ 24ի աւանդական յիշատակութեան՝ Ուաշինկթընի մէջ, իր յայտարարութեան ընթացքին, կը զլանար իր խոստացած «ցեղասպանութիւն» բառը գործածել: Իր այս դրուժան արարքով, Օպամա հայոց պատմութեան մռայլ դէպքերու շարքին սեւ դրուագ մը կ՛աւելցնէր:
Օպամայի խոստմնադրուժութեան մասին հայերուս կողմէ կատարուեցան բազմատեսակ հետեւութիւններ, մեկնաբանութիւններ եւ ենթադրութիւններ:
Ոմանք՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Օպամայի յանձնառութեան ետին թաքուն դիտաւորութիւն փնտռեցին: Իբրեւ թէ Օպամա իր ծրագիրներուն մարդասիրական, արդարամտական բնոյթ տալով, կը ձգտէր շահիլ համակրանքն ու քուէները բարեպաշտ ամերիկացիներու այն զանգուածին, որ 150-160 տարիներ առաջ սկսած էր, ու տակաւին կը շարունակէր, տածել իր սիրոյ ու բարեկամական զգացումները՝ դէպի քրիստոնեայ «հայ ժողովուրդը»:
Ուրիշներ բնական գտան քաղաքական փորձառութենէ զուրկ, յեղյեղուկ եւ նկարագրով պատեհապաշտ երիտասարդ թեկնածուին խոստմնադրուժութիւնը:
Կարծողներ եղան, որ Օպամա մեր ենթադրած լրջութեամբ մեզի խոստոմ տուած չէր. իր հեւքոտ ընտրապայքարի ընթացքին՝ աջին ու ձախին շռայլած առատ ժպիտներուն նման, հայերս ալ գոհացնելու բարի մտքով, աժան խոստում մըն ալ դէպի մեզ «գլորած» էր:
Օպամայի մասին ժխտական արտայայտութիւն ունեցողներուն դիմաց գտնուեցան նաեւ հայեր, որոնք նախագահին կողմէ 2009 Ապրիլ 24ի յայտարարութեան մէջ «ցեղասպանութիւն» բառին անտեսումը իմաստութիւն համարեցին. իբրեւ թէ ներկայ պահը անյարմար նկատելով իր խոստումին յայտարարութիւնը կը վերապահէր աւելի բարենպաստ առիթի մը:
Արդարեւ, Ամերիկայի նորընտիր նախագահը իր պաշտօնը կը ստանձնէր պատմական փոթորկալից եւ խռովայոյզ մէկ պահուն: Ոչ միայն Ամերիկան, այլ ամբողջ աշխարհը ճգնաժամ կ՛ապրէր, երբ նորընտիր, անփորձ նախագահը իր պաշտօնակալական ուխտը կը կատարէր:
Իրաքի ու Աֆղանիստանի պատերազմները, միջազգային ահաբեկչութիւնը, համաշխարհային ֆինանսական համակարգի փլուզումը, տնտեսական ընդհանուր տագնապը, Միացեալ Նահանգներու մէջ համատարած անգործութիւնը, մեծահամբաւ ընկերութիւններու սնանկութիւնը, աշխարհի մթնոլորտին ապականութիւնը… եւ անմիջական լուծման սպասող լուրջ հարցեր սեղանին դիզուած էին, երբ Օպամա Սպիտակ Տուն կը մտնէր:
Պէտք է ենթադրել, որ այսպիսի ճնշիչ պայմաններու տակ, երբ Ապրիլ 24ի յիշատակութեան առթիւ աւանդական դարձած յայտարարութիւն մը ընելու հրաւիրուեցաւ, Օպաման խուսափեցաւ իր խոստացած «genocide» խնդրայարոյց բառը գործածելէ, յաւելեալ տաղտուկներու տեղի չտալու նպատակով: Պէտք է ենթադրել…
Նախագահ Օպամայի խոստմնադրժումի մասին յայտնուած տեսակէտներուն մէջ, մեր համոզումով, թուրքերուն վերաբերող կարծիքներն են ամենէն հիմնաւորները:
Ակներեւ էր, որ Ամերիկեան ընտրութիւններու սկիզբէն մինչեւ նորընտիր նախագահին՝ 2009 Ապրիլ 24ի յայտարարութիւնը, թուրք պետութիւնը Ամերիկայի մէջ իր քաղաքական բոլոր լծակները գործի դրած էր, ձախողեցնելու համար նորընտիր նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր նպատակը:
Ընտրապայքարի ընթացքին, թէ նախագահ ընտրուելէն ետք՝ Լոնտոնի խորհրդաժողովին, կամ անկէ անմիջապէս ետք Անգարա եւ Պոլիս այցելութեան օրերուն, Թուրքիոյ պետական պաշտօնատարները Օպամային ըրած իրենց ողոքումներով, քաղաքական սակարկութիւններով, նոյնիսկ սպառնալիքներով յաջողեցան ի վերջոյ զայն համոզել եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը դրժել տալ:
Նախագահ Օպամայի արարքը ոչ միայն ջախջախիչ հարուած մը եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին, այլ նաեւ փճացուց պահանջատիրութեան մեր յաջորդ նպատակին համար Ամերիկայի բարոյական թէ քաղաքական օժանդակութեան մասին մեր յոյսերը: Ան պատճառ եղաւ նաեւ ամերիկահայութեան ներկայի շփոթութեան եւ հիասթափութեան:
Հայերուս հասցուցած նախագահին վիրաւորանքը աւելի զգալի դարձաւ, երբ մենք՝ ամերիկահայերս, չկրցանք Հայ Դատին իր հասցուցած վնասին ծանրութեան համապատասխան, համագաղութային մեղադրանքի, հաւաքական բողոքի ու դատապարտութեան մեր խօսքը հասցնել Օպամային:
Տեղին էին եւ գնահատելի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին (ANCA) եւ Հայկական Համախմբումի (Armenian Assembly) «խիստ հիասթափութեան», «ցաւալի նահանջ»ի մեղադրանքի արտայայտութիւնները նախագահ Օպամայի յայտարարութեան մասին: Բայց ցաւալի ու անհանդուրժելի էր այս առթիւ հայ ազգի գերխնդրին հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւններուն պահած առեղծուածային լռութիւնը:
Նախագահ Օպամայի՝ իր խոստումէն «նահանջելու» պատճառներու քննութեան ժամանակ, մենք պէտք է նաեւ ցաւով արձանագրենք, թէ ամերիկահայութիւնը պահանջուած լրջութեամբ ու ծանրախոհութեամբ չվարուեցաւ Ամերիկայի 2008ի նախագահական ընտրութեան հետ եւ մեղաւորութեան բաժին ունինք մեզի առթուած «խիստ հիասթափութեան» մէջ:
Ընտրապայքարի իջած նախագահական թեկնածուներու խառնիճաղանճին մէջ, Օպաման միակն էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հաստատ խոստում տուած էր: Չունէինք, չստեղծեցինք 1.5 միլիոն հաշուող հայ գաղութը ներկայացնող կեդրոնական մարմին մը, որ պատշաճօրէն ու պաշտօնապէս՝ համայն հայութեան կողմէ, երթար ու զայն ողջունէր իր մարդկային ու վեհանձն որոշումին համար եւ իրեն յայտնէր ամերիկահայութեան զօրակցութիւնը ընտրութիւններու ժամանակ:
Չունէինք, չմտածեցինք կազմել համահայկական կոմիտէ մը, որ թեկնածու Օպամայի ընտրական ղեկավարներուն հետ տեւական կապի մէջ ըլլար, անոնց հետ գործակցէր եւ ի պահանջել հարկին զայն հեռու պահէր թրքական ծուղակներէն: Մենք դժբախտաբար մնացինք հանդիսատեսի դերին մէջ եւ գոհացանք միայն թուրքերուն դաւերը մատնանշելով ու յայտարարելով: Պարզ խօսքով՝ մենք մեր պարտականութիւնը պահանջուած խոհեմութեամբ եւ լրջութեամբ չկատարեցինք եւ… ձախողեցանք: Չյաջողեցանք, որովհետեւ անպատրաստ էինք, միաբան ու կազմակերպուած չէինք:
Ասով հանդերձ, մեր վերջին ձախողութեան բուն մեղաւորը եղաւ նախագահ Օպաման: Ան հայերուս ծանր չարիք գործեց:
Ըսուած է. «Ամէն չարիքի մէջ բարիք մը կայ»:
Եւ իրօք, երբ լուրջ քննութեան ենթարկենք 2009 Ապրիլ 24ի յիշատակութեան առթիւ նախագահ Օպամայի յայտարարութիւնը՝ որ կ՛ըսէ. «Ամէն տարի մենք կը յիշենք 1.5 միլիոն հայերը, որոնք զոհ գացին Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն», մենք կը համոզուինք, որ նախագահը մեզի բարիք ըրած է:
Բարիք պէտք է համարենք նոյն առթիւ ամերիկացիներուն ըրած յորդորը, որ կ՛ըսէ. «Հայոց «Մեծ Եղեռնը» պէտք է մեր յիշողութեան մէջ ապրի այնպէս, ինչպէս ան կ՛ապրի հայերու սրտին մեջ»:
Թուելէ ետք նախագահ Օպամայի հայութեան բերած չարիքն ու բարիքը, պարտք կը զգանք համառօտ կերպով անդրադառնալու իրմէ առաջ իր պաշտօնը վարողներուն՝ հայութեան նկատմամբ ունեցած վարմունքին, որ, դժբախտաբար, մեծաւ մասամբ ժխտական է:
Արդարեւ, երբ արագ ակնարկ մը կը նետենք վերջին 90 տարիներու Ամերիկայի նախագահներու անուանացանկին վրայ, կը նկատենք, որ միմիայն Վուտրօ Ուիլսընն է, որ Թուրքիան դատապարտեց 1915ին գործած իր ոճիրներուն համար: Ան միակն էր նաեւ՝ մինչեւ 1988ին Հայաստանի պատահած չարաղէտ երկրաշարժը, աղետեալ հայութեան օգնութեան փութացող նախագահը: Ուիլսընն է, դարձեալ, հայասէր նախագահը, որ գծեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան քարտէսին սահմանները՝ անոնց ծիրին մէջ ներառելով Արեւմտեան Հայաստանի գերուած հողատարածքները: Եւ վերջապէս, գաղափարապաշտ եւ վեհոգի Ուիլսընն էր, որ բազում վտանգներու ենթարկուած Հայաստանի հանրապետութեան ապահովութեան նպատակով, Քոնկրէսին առաջարկեց վաւերացնել Ամերիկայի կողմէ Հայաստանի հոգատարութիւնը պահանջող բանաձեւը:
Նախագահ Ուիլսընի մահով վերջ գտաւ Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տան նպաստը Հայ Դատին:
Պարտք կը զգանք այստեղ լուսաբանելու նախագահ Ռանըլտ Ռեկընին վերագրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով ծագած թիւրիմացութիւնը: Նախագահ Ռեկըն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին յատուկ յայտարարութիւն չէ ըրած: Հրեաներու Ողջակիզման յիշատակութեան առթիւ, 1982 Ապրիլ 22ին, ան միայն ակնարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Նախագահ Ուիլսընի մահէն ետք շարունակուեցաւ իր օրով սկսած՝ Պետական քարտուղարութեան (State Department), թրքանպաստ քաղաքականութիւնը, որ այնուհետեւ Հայ Դատին պատուհաս հանդիսացաւ:
Պետական քարտուղարութեան հայութեան պատճառած վնասները սկսան, երբ 1919ին, իբրեւ Թուրքիոյ մօտ ամերիկեան դեսպան, Պոլիս ուղարկուեցաւ հանրածանօթ թրքասէր, տխրահռչակ ծովակալ Պրիսթոլը, որ հիմնադիրը եղաւ Ամերիկայի հայավնաս ծրագիրներուն:
Արդարեւ, մենք չենք յիշեր Պետ. քարտուղարութեան կողմէ վերջին 90 տարիներու ընթացքին Հայ Դատի նպաստաւոր ոչ մէկ գործ կամ յայտարարութիւն: Ընդհակառակը, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին քանդուած Եւրոպան վերականգնելու նպատակով գոյութեան կոչուած ամերիկեան «Մարշըլ ծրագրէն» նիւթական առաւելագոյն օժանդակութիւն ստացողներէն մէկը դարձաւ պատերազմին երբեք չմասնակցած, պատերազմէն ոչ մէկ վնաս կրած Թուրք պետութիւնը: Դարձեալ, մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը, Պետ. քարտուղարութիւնն էր, որ տեւաբար յայտարարեց, թէ Ամերիկան կ՛երաշխաւորէ Թուրքիոյ հողային ամբողջութիւնը: Այդ պատճառով էր, որ վերջին 40-50 տարիներուն Ամերիկայէն առաւելագոյն զինուորական թէ տնտեսական օժանդակութիւն ստացողը թուրք պետութիւնը եղաւ:
Աւելին, թուրքերը գոհացնելու համար, Պետ. քարտուղարութիւնը յօժարեցաւ նոյնիսկ նուաստանալ: Թրքական ճնշումներուն ենթարկուելով, վերջին 50 տարիներուն, ան արգելք եղաւ ամերիկեան ֆիլմարուեստի ընկերութիւններուն՝ «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպը շարժապատկերի վերածելու ծրագիրներուն:
Հայ Դատին հասցուցած ծանր հարուածներէն մէկն է Պետական քարտուղարութեան հայավնաս դիրքը Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ:
Հանրայայտ իրողութիւն է, որ Կասպից Ծովի աւազանի քարիւղի մենաշնորհներուն մէջ կը տիրապետեն ամերիկեան ընկերութիւնները: Գաղտնիք չէ նաեւ նոյն ընկերութիւններու բաժնետէրերու ցանկին գլուխը կը գտնուին վերջին 30 տարիներու Ամերիկայի Պետ. քարտուղարութեան, Ազգային ապահովութեան խորհուրդի (National Security Councel) եւ Կեդրոնական հետազօտական գրասենեակի (CIA) ականաւոր անդամներուն անունները:
Այս վերջիններուն պատրաստած ատրպեճանանպաստ ծրագիրներով կ՛առաջնորդուի Կովկասեան շրջանի ամերիկեան քաղաքականութիւնը, որ լուրջ սպառնալիք դարձած է արիւնով նուաճուած Ղարաբաղի անկախ գոյութեան: Այս տխուր կացութեան չարագոյ սուրհանդակն էր վերջերս ամերիկահայ գաղութի կեդրոնները այցելող Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպանուհին, որուն առաքելութիւնն էր (մեր կարծիքով), հայերուս փոխանցել Պետ. քարտուղարութեան «խոհեմութեան խրատները»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահներու եւ Պետ. քարտուղարութեան պաշտօնեաներու նման, Հայ Դատին վնասներ տուին նաե՛ւ երկրին քոնկրէսի (Ներկայացուցչական Տուն եւ Ծերակոյտ) անդամները:
Քոնկրէսն է, որ 1920ին, ընդառաջելով ծերակուտական Հէնրի Քէպըթ Լաճի առաջարկին, մերժեց Հայաստանի Հանրապետութեան հոգատարութեան մասին նախագահ Ուիլսընի առաջարկը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով Սիմոն Վրացեան, ապա «Հայկական համաշխարհային Քոնկրէս»ը (Նիւ Եորք) յուշագիրներ նիրկայացուցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ), պահանջելով Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն կցումը Խորհրդային Հայաստանին: ՄԱԿի մօտ ամերիկեան քոնկրէսի պատուիրակները եղան գլխաւոր ընդիմադրողները հայերու դիմումներուն: Անոնք եղան պատճառը հայոց պահանջներու մերժումին:
Հայ Դատին հանդէպ ամերիկեան Քոնկրէսի ժխտական կեցուածքին իբրեւ վերջին օրինակ, յիշենք տակաւին երկու տարի առաջ անոր տմարդի վերաբերմունքը՝ մերժումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 106 բանաձեւին:
Պարտք կը զգանք այս առթիւ գնահատանք յայտնելու բազմաթիւ այն քոնկրէսականներուն, որոնք անցեալին եւ ներկայիս Հայ Դատի պաշտպան կեցան եւ արիաբար պայքարեցան հայոց պահանջատիրութեան համար եւ յանդգնութեամբ դատապարտեցին թուրքիան իր ցեղասպանական արարքին համար:
Նախագահ Օպամայի արարքին պատճառով Հայ Դատին շուրջ ստեղծուած շփոթ ու շուար վիճակին վրայ մեր խորհրդածութիւններու ընթացքին յիշեցինք 1950-1965 տարիներուն տիրող մեր յուսահատական վիճակը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի դաշնակից պետութիւններուն եւ ՄԱԿին վրայ հայերուս դրած յոյսերուն ձախողութիւնը, ապա հակասովիէթ ուժերուն՝ մասնաւորաբար Ամերիկայի Թուրքիոյ ընծայած առանձնաշնորհեալ դիրքն ու պատիւը հայերս մատնեցին յուսահատութեան: Բայց Եղեռնի 50ամեակը համահայկական տարողութեամբ յիշատակելու սփիւռքահայութեան ծրագիրներն ու նախապատրաստութիւնները աննախընթաց խանդավարութիւն ստեղծեցին եւ Հայ Դատի գործին նոր եռանդ բերին: Հայերուս ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ համայնավարութեան պարտադրած 40 տարիներու լռութիւնը պատռելով հայրենի հայութիւնը միահամուռ ու բարձրաբարբառ՝ «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՜րը» աղաղակելով հրապարակ իջաւ ու Հայ Դատին համահայկական խորք ու ծաւալ տուաւ 70ական թուականներուն։ Երբ Հայ Դատը սկսաւ Արեւմուտքի քաղաքական բեմը բարձրանալ եւ թուրքերը, վիժեցնելու համար հայերուս ծրագիրները, դիւանագիտական դաւի ու սադրանքներու դիմեցին, հայերը՝ ստիպուած, աւելի ազդու եւ կտրուկ միջոցներով իրենց պահանջները միջազգային ուշադրութեան յանձնեցին:
Յիշեալ դէպքերէն քաջալերուած, արցախահայութիւնը՝ եօթ տասնամեակ տեւած ազերիական բռնութիւններուն դէմ իր կուտակած ցասումն ու զայրոյթը պոռթկալով, փշրեց անկարելիութեան պատուարը եւ յաջողեցաւ իրագործել 20րդ դարու հայկական անհաւատալի հրաշքը՝ Ղարաբաղի Անկախութիւնը: Երջանկաբեր այս մեծագործութիւնը արդիւնք է սեփական ոյժի վրայ անոնց ունեցած հաւատքին ու անտեղիտալի կամքին:
Սակայն, Հայ Դատի այս բարեդէպ ընթացքը երկար չտեւեց: Հայ ժողովուրդի բախտին անիւը շիտակ ուղիէն դուրս հանեցին ու զայն անել վիճակի մատնեցին դարձեալ Ամերիկայի վերջին տասնամեակներու արտաքին քաղաքականութիւնը վարող շահամոլ եւ ընչաքաղց պաշտօնատարները:
Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ողոքելով ու շփացնելով, Միջին Արեւելքի իրենց քաղաքական, տնտեսական ու պատերազմական նպատակները արդիւնաւորելու համար, անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործը ականահարեցին: Կը կարծենք նաեւ, որ նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւններու թոյլ ու անտարբեր կեցուածքը հայոց պահանջատիրութեան նկատմամաբ, նոյնիսկ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու սառնութիւնը՝ թուրք-ամերիկեան խաղերուն ու սադրանքներուն արդիւնք են: Վերջին 18 տարիներու համահայկական կացութեան վրայ մեր այս համառօտ ակնարկը մեզ կը բերէ այն եզրակացութեան, որ Հայ Դատի պայքարը լուրջ տագնապի մէջ է:
Բայց Հայ Դատը կա՛յ, պիտի մնա՛յ ու պայքարը պիտի շարունակուի։ Հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ կ՛ապրի Մեծ Եղեռնի յիշատակը, քանի որ մեր ազգային էութեան մէջ կ՛արձագանգեն ու սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին անապատներու սպանդավայրերէն ու մահուան հովիտներէն քաղուած հայ մայրերուն ու կոյսերուն տառապանքի հառաչանքները, տարագրութեան ճամբաներու վրայ լքուած ու անտէր երեխաներու անօթութեան ու ծարաւի աղերսագին հեծեծանքները, մորթոտուած հայ մարդոց մահուան աղաղակները… Հայ Դատը կայ եւ պայքարը պիտի շարունակուի, քանի որ անոր խարիսխներն ու պարիսպները կերտուած են գերուած Արեւմտահայաստանի լեռներու ընդերքէն պեղուած եւ հայու կամքի մուրճերով տաշուած կրանիթէ քարերով ու իրար զօդող 1.5 միլիոն նահատակ հայերու արիւնով հունցուած շաղախով…
Արտաքին ապաւէնէ զուրկ, ներքնապէս երկպառակուած եւ յուսալքուած հայութիւնը այժմ արգահատելի վիճակ մը կը ներկայացնէ: Յուսահատական այս դրութենէն դուրս գալու, հոգեկան կորովը զօրացնելով՝ մարդկութեան ընտանիքին մէջ իր պատուաւոր դիրքը վերահաստատելու համար, ներկայիս հայութիւնը հաստատ եւ վստահելի յենարանի մը հարկը ունի: Մեր կարծիքով այդ յենարանը ամերիկահայ գաղութն է:
1.5 միլիոն իր թիւով, ազգային-կրօնական, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական իր հաստատութիւններով, կուսակցութիւններով, տնտեսական բարեկեցութեամբ եւ քաղաքական աշխատանքի հնարաւորութիւններով, ամերկահայ գաղութը կարող է եւ պէտք է ստանձնէ հայ ազգի վարկին ու արժանապատուութեան վերականգնումի եւ նոր թափով ու կորովով Հայ Դատի աշխատանքի շարունակութեան նուիրական պարտականութիւնը:
Ընդունելով հանդերձ, որ հայութեան այժմու տագնապին գլխաւոր պատասխանատուները եղան Ամերիկայի վերջին տասնամեակներու իշխանութիւնները, կը հաւատանք, որ հայութեան բախտին անիւը իր բարեյուսոյ ճանապարհին մէջ բերելով, Հայ Դատի նոր գործընթացը մենք կրնանք վերսկսիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ, օժանդակութեամբ մեր ազգային վերջին նեղութիւնը պատճառող նախագահ Օպամային:
Ըսինք արդէն, թէ նախագահ Օպամա իր խոստումը թէեւ չյարգեց, բայց, երբ 2009 Ապրիլ 24ին հայոց Մեծ Եղեռնին մասին իր յայտարարութեան ընթացքին արդարամիտ արտայայտութիւն ունեցաւ, ան մասամբ իր մեղքը քաւեց եւ հայերուս հանդէպ իր բարիկամեցողութիւնը յայտնած եղաւ:
Վերեւ յիշուած բարենշան դիպուածները մեզի առիթ կու տան եկող տարի զինք հրաւիրելու Քալիֆորնիոյ Մոնթեպէլլօ քաղաքը՝ Հայ նահատակաց յուշարձանի խաղաղ հովանիի տակ միասին յիշատակելու Մեծ Եղեռնի 95ամեակը եւ պահ մը խոնարհելու 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Ամերիկահայերուս կողմէ նման վեհանձն քայլ մը կրնայ նախագահին մօտ Հայ Դատի հանդէպ նպաստաւոր տրամադրութիւն վերստեղծել եւ նոր յոյսեր ներշնչել:
Արդ, մեր ազգին այս նեղ օրերուն, ի խորոց սրտի կոչ կ՛ընենք Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան՝ Ամերիկայի արեւելեան թէ արեւմտեան շրջաններու կեդրոնական մարմիններուն՝ միասնաբար ստեղծելու համայն ամերիկահայութիւնը ներկայացնող իշխանութիւն մը, անոր տալով լիազօրութիւն՝ կազմակերպելու Մեծ Եղեռնի 95ամեակի հանդիսութիւնը՝ յաջորդ տարուան Ապրիլ 24ին, Մոնթեպէլլոյի Հայ նահատակաց յուշարձանին առջեւ, այնտեղ հրաւիրելով Նախագահ Օպաման:
Ազգովին՝ մեծ տագնապ կ՛ապրինք: Մեր բարի բախտը վերականգնելու համար՝ հետեւի՛նք պատմութեան դասերուն: Միակամ եւ խուռներամ յիշատակենք Մեծ Եղեռնի 95ամեակը: Նոր հայ սերունդին փոխանցենք մեր նահատակներուն աւանդները: Անցեալի նման հաւաքաբար ու բարձրաձայն՝ մարդկութեան երեսն ի վեր աղաղակենք. «Մեր հողե՜րը, մեր հողե՛րը»:
Փորձենք հոգիով ու մտքով զօրանալ՝ արտասանելով մեր բանաստեղծներէն մէկուն պատուէրը. «մահուան գնով էլ պարտաւոր ենք մենք միացեալ տեսնել հողը հայկական», միւսին պատգամը. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միա՛կ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Մենք կը յաւերժանանք, երբ միայն մեր ուժերուն կը վստահինք:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այս յօդուածը գրուած ու մեզ հասած էր շատ կանուխ: Խմբագիրը հեղինակէն ներողութիւն կը խնդրէ անոր հրատարակութիւնը այսքան ուշացնելու համար: