ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ծիծեռնակաբերդի մէջ Յունուար 19ին Պաքուի ջարդերու 20ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտնած է, թէ Ատրպէյճանէն բռնագաղթած հայերուն հատուցումը Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութիւնն է:
«Եթէ մարդկանց սպաննում եւ արտաքսում են, ապա ո՞ւր պէտք է նրանք վերադառնան, ո՞րն է նրանց հայրենիքը, ի հարկէ դա ԼՂՆ է՝ ազատագրուած տարածքներով: Դա՛ է Ատրպէյճանից բռնագաղթուած հայերի հատուցումը եւ հէնց դա՛ էլ մենք պէտք է պահանջենք», ընդգծած է Վ. Յովհաննհիսեան, ըստ որուն, 1990ին Պաքուի եւ Ատրպէյճանի միւս տարածքներուն մէջ աւարտած է հայաթափման ծրագիրը, որ սկսած էր 20րդ դարասկիզբին: «Ցաւօք, 1990ին կազմակերպուած հայութիւն չունէինք ո՛չ Պաքւում, ո՛չ Շամխորում, բայց ունէինք՝ Ղարաբաղում: Եւ այստեղ էլ կազմակերպուած ուժը կարողացաւ ի վերջոյ յաղթանակ տանել՝ ողջ հայութեան օգնութեամբ», նշած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:
Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան արտագաղթի պետական ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեան, իր խօսքին մէջ յայտնած է, թէ աւելի քան 1000 փախստականներ, «Միգրացիոն» պետական ծառայութեան աջակցութեամբ, Ատրպէյճանի դէմ դիմումներ ներկայացուցած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ պահանջելով Ատրպէյճանի մէջ մնացած իրենց ունեցուածքի փոխհատուցումը: Ըստ Եգանեանի, բոլոր փախստականներուն բնակարաններով ապահովելու խնդիրը ամբողջութեամբ լուծելու համար, անհրաժեշտ է իրականացնել 45 միլիոն տոլարի ներդրում: