ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 19ին՝ ՀՀ ազգային հերոս Մովսէս Գորգիսեանի մահուան 20րդ տարելիցին՝ հարիւրաւոր մարդիկ Ծիծեռնակաբերդի մէջ խնկարկեցին անոր յիշատակը: Մ. Գորգիսեան կը յիշուի իբրեւ Հայաստանի անկախութեան գաղափարախօս նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն, երբ քիչերը կը հասկնային անկախութեան անհրաժեշտութիւնը: Անկախ Հայաստանի տեսլականով ապրած եւ զոհուած հայորդիի շիրմաքարին մօտ զետեղուած յուշատախտակը կ՛արտացոլէ անոր կեանքի յուշապատառիկներն ու մտքերը, ինչպէս՝ «Կեցցէ այն Հայաստանը, որ վաղն է գալու»: