ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, որոնք անցեալ տարուան Կազայի դէմ իսրայէլեան գործողութեան հասցէին Անգարայի շարունակական քննադատութեանց հետեւանքով վատթարացած էին, սկսած է նմանիլ սիրահարներու վէճի մը: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին շարք մը միջադէպեր պատճառ դարձած էին լարուածութեան սրումին, սակայն անոնցմէ ետք կողմերը կրցած էին կացութիւնը արագօրէն դարմանել:
Յստակ է, թէ Իսրայէլի հետ տարակարծութիւնը կու գայ իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան դիմագրաւած ներքին դժուարութիւններէն: Կառավարութեան համակիրներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դէմ է Իսրայէալի որդեգրած քաղաքականութեան, սակայն Անգարայի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս զինուորական ուժերու հրամանատարութեան համար, Միացեալ Նահանգներու սերտ դաշնակից հանդիսացող Իսրայէլին հետ հարցեր ունենալը՝ ընտրանք մը չի կրնար ըլլալ:
Ինքզինք այս աքցանին մէջ գտած Թուրքիոյ վարչապետը, անկէ դուրս գալու համար, ընտրած է հերթականօրէն Իսրայէլը քննադատելու քաղաքականութիւնը, սակայն ան նման քննադատութիւններէ անմիջապէս ետք միշտ կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիա եղած է հրեաները գրկաբաց ընդունող հազուագիւտ երկիներէն մէկը:
Այս տագնապին մէջ, Անգարա վերջերս ինքզինք գտաւ «իրաւազրկուած»ներու ցուցակին վրայ,