ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Տենիզ Պայքալ, որ քանի մը օր առաջ ըսած էր, թէ ինք չէր հաւատար «լախտի ծրագիր» գործողութեան իրականութեան, Երկուշաբթի, Յունուար 25ին շատ աւելի զգոյշ ու հեռատես մօտեցում ցուցաբերեց այս հարցին նկատմամբ՝ կատարելով հետեւեալ խորհրդածութիւնը. «Բացարձակապէս չեմ կրնար երեւակայել, որ բանակը կրնայ պարտականութիւն ստանձնել մզկիթ մը ռմբահարելու համար, կամ չեմ կրնար երեւակայել, թէ կրնայ վար առնել թրքական ռազմական օդանաւ մը։ Եթէ յայտնուի, որ ասոնք իրականութիւն են, ապա ամբողջ իմ աշխարհը փուլ կու գայ, որովհետեւ տրամաբանութիւնս չի կրնար ընդունիլ այսպիսի բան մը»։
Վերջաւորութեան, Պայքալ գնդակը դարձեալ ուղղեց վարչապետ Էրտողանին եւ ըսաւ, թէ ան եթէ կը հաւատայ, որ սպայակոյտի նախագահը կամ զինուորական ուժերու հրամանատարները պատասխանատու էին, պէտք է հարցաքննութիւն բանայ եւ ի հարկին՝ պաշտօնանկ ընէ զանոնք։
Իր կարգին, սպայակոյտի նախագահ զօր. Իլքեր Պաշպուղ Երկուշաբթի օր լուսաբանութիւն մը ընելով՝ անդրադարձաւ այն անհանգստութեան, զոր բանակը կը զգայ «լախտի ծրագրի» նման հրապարակ քշուած պնդումներուն պատճառով։ Պաշպուղ, առանց քննադատութեան իր սլաքները ուղղելու կառավարութեան, ըսաւ, որ իր իրաւունքն է հարց տալ, թէ ո՞վ ամէնէն աւելի կ՛օգտուի նմանօրինակ պնդումներէ։ Պաշպուղ նաեւ ըսաւ, որ բանակին համբերութիւնն ալ սահման մը ունի։
Սպայակոյտին նախագահը նշեց. «Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ երեւան հանուած այս ծրագիրը գրի առնուած է եօթը տարի առաջ եւ հիմա շատեր այլազան մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն այդ մասին։ Բայց բանակը լուրջ հաստատութիւն մըն է։ Մենք ամէն ինչ կը քննենք։ Բայց քննելը չի նշանակեր, որ կ՛ընդունինք յառաջ քշուած պնդումները»։
Պաշպուղ դիտել տուաւ նաեւ, որ կառավարութիւնները այլեւս ժողովուրդին քուէներով կը փոխուին ու պետական կամ զինուորական հարուածներու շրջանը փակուած է։