ԿԱՐԻՆ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նահատակները յիշելը ամէն հայու նուիրական պարտականութիւնն է, բայց յիշե՛լ՝ ոչ թէ պարապ արցունք թափելու համար, այլ անոնց գաղափարներով ներշնչուելու, անոնց իտէալին հաւատարիմ ուխտաւորները դառնալու:
Այսպէս է, որ կը յիշենք Վիգէն Զաքարեանը. ան ազնիւ սիրտով ու հոգիով բացառիկ հայ, ճեմարանական մարզիկ մըն էր։ Վիգէնին հոգիին մէջ շուտով զգալի էր այդ ազգային, զօրաւոր ոգին։ Ան մաս կը կազմէր ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին՝ իբրեւ մարզիկ եւ սկաուտ, ինչպէս նաեւ ան անդամ էր իրեն շատ սիրելի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպութեան:
Վիգէնի նշանաւոր խօսքերէն մէկը եղած է, որ մենք պատահականօրէն հայ ծնանք, բայց՝ ո՛չ հայրենասէր. հայրենասէր եղանք աւելի ուշ, երբ մեր պապերուն պատմութիւնը գիտցանք։
Վիգէն նահատակուեցաւ Արցախի մէջ Ապրիլ 17, 1992ին: Ան տակաւին նոր բոլորած էր 23 տարիները։
Վիգէն մեր Հայ Դատի ազատամարտիկներէն՝ հերոսներէն մէկն էր։ Ան Շուշիի ազատագրական պայքարի ընթացքին առաջին նահատակը եղաւ. եռագոյն դրօշակը ծածանեցաւ Շուշիի վրայ, եւ ծածանեցաւ Վիգէնի անշունչ մարմնին վրայ։
Պայծառ, գեղեցիկ օր մըն էր, երբ Վիգէնի ընկերները ուսամբարձ, ճերմակ թագաղը գրկած՝ ուղուեցան Եռաբլուրի գերեզմանը։ Անոնք իրենց անսահման սուգին մէջ մխիթարուած կը զգային ու վստահութեամբ կը նայէին ապագային, որովհետեւ անոնք կը հաւատային արդարութեան եւ չէին վախնար նահատակուելէ։ Անոնք հպարտ էին իրենց սուգով ու միաբերան երգեցին «Վէրքերով Լի æան Ֆետայի» երգը, ու յանձնեցին Վիգէնը ցուրտ հողին։
Վիգէնի ընտանիքը կարծես ուրիշ երկինքներու տակ էր։ Անոնք կը զգային իրենց զաւակին մահը, իրենց սիրտերը լեցուած էին ցաւով ու զայրոյթով. արցունքի կաթիլները իրենց թարթիչներէն կախուած՝ կ՛արտասանէին Վիգէնի սիրած տողերը.
«Ես Արարատը կ՛ուզեմ,
Ազատ անկախ եւ գեղեցիկ Հայաստանը կ՛ուզեմ.
Կ՛ուզեմ տեսնել եւ համբուրել այդ հողը, ուր ապրած է հայ գիւղացին, ուր կը կռուի հայ ֆետային եւ ուր կը հանգչի հայ յեղափոխական մարտիկին արիւնը»։
Հողը թեթեւ գայ վրադ, Վիգէ՛ն. տեսար ու հանգչեցար սիրած հողիդ վրայ։