Երբ ես չորրորդ դասարան էի, մեր ուսուցչուհին՝ տիկին Մարկոսեանը, հանդէս պատրաստեց մեզի համար: Իմ ընկերներս զինուորի նման հաքուած էին: Թմբուկներ կը խբէին երեխաները, որ ցոյց տային Հայաստանի ժողովուրդին մասին: Մարդիկ արուեստ ցոյց կու տային եւ իրարու գաղափարներ կը փոխանցէին: Ամէն կողմ հրդեհներ կը վառէին, որպէսզի իրենց տաք պահէին: Մենք ներկայացուցինք ինչպէս թուրքերը հայերուն սպաննեցին:
Երբ երկրորդ հանդէսը ըրինք, ես շապիկ հագած էի եւ Հայաստանի կառավարիչն էի, ու Քաջ Վարդանին շնորհակալութիւն կը յայտնէի: Ընկերներուս հագածը թանձր էր եւ անոնց զէնքերը պղինձ էին: Ապա մենք ոտանաւոր ըսինք եւ երգեցինք: Մեր ընտանիքները շատ ուրախ էին եւ մեզի ըսին. «Ապրէ՛ք երեխաներ»:
Այդ օրը շատ ուրախ էինք եւ հպարտ զգացինք, որ հայ ենք եւ հայկական դպրոց կը յաճախենք:
Նորայր Արապաթլեան