Յունուար 20, 2010ին, Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի մանկամսուրի, մանկապարտէզի, առաջին եւ երկրորդ կարգերու աշակերտները շատ հաճելի եւ օգտաշատ ներկայացում մը վայելեցին վարժարանիս «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահէն ներս։
Մանկական անյագ հետաքրքրութեամբ, ինչպէս նաեւ տիկնիկներու ամբողջութեամբ կլանուած շարժումներով ու դերակատարներու ներկայացումով, մեր փոքրիկները ականատես եղան առողջապահական մեթոտներու կիրառման եղանակներուն, շատ լաւ ձեւով պատրաստուած մասնագիտական ներկայացման մը ընդմէջէն։
Դերակատարները ներկայացուցին ճիշդը ուտելու, լաւ ապրելու, մարզանք ընելու եւ հեռատեսիլային նուազ ժամեր անցնելու գաղափարները։ Անոնք իրենց տեսածով այնքան տպաւորուած էին, որ ամբողջ կեանքի տեւողութեան պիտի յիշեն այս ներկայացումը ու անկէ քաղուած կեանքի շատ կարեւոր խորհուրդը։
Շատ պտուղ, քիչ շաքարեղէն
Շատ բանջարեղէն, քիչ կարկանդակ
Շատ մարզանք, քիչ պաստառ:
Այս բոլորը ներկայացնել դաստիարակման անուղղակի մեթոտներով… այս էր հիմնական նպատակը ներկայացման նախաձեռնումին, որ վստահաբար պիտի յաջողի հետեւողական ջանքերով: