ՊՈՍԹԸՆ.- Մեսեչուսեցի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ սկսած է համացանցային արշաւի մը՝ հայկական եւ հրէական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութամբ, որուն նպատակն է համոզել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւ Քոնկերսը, որ պաշտօնապէս ճանաչում շնորհեն Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին:
Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին, արշաւին միացած են Մեսեչուսեցի Հայ-ամերիկեան գործադիր յանձնախումբը, հայ եւ հրեայ համայնքներու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներու դէմ պայքարող «Ներդրողներ ցեղասպանութեան դէմ» կազմակերպութիւնը:
Յիշեցնենք, թէ Մեսեչուսեցի հայ համայնքը 2007ին կարեւոր աշխատանք տարաւ նահանգի հրէական կազմակերպութեանց աջակցութիւնը ապահովելու գործին համար, հակառակ այն իրողութեան, որ հրէական ADL կազմակերպութեան ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսման կ՛ընդդիմանար Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացման աշխատանքին: Սոյն ստորագրահաւաքին կարելի է մասնակցիլ՝ այցելելով www.change.org/recognizearmeniangenocide համացանցային կայքէջը: