ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի ռազմական վարդապետութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը՝ Հայկական բանակի մարտունակութեան ու պատրաստուածութեան մակարդակը միշտ բարձր պահելու սեւեռումն է:
Մարտունակութեան ու պատրաստուածութեան մակարդակը բարձր պահել կը նշանակէ՝ բանակը մշտապէս ապահովել ռազմական ժամանակակից արտադրութիւններով, հնարաւորութիւններով, նիւթական բաւարար պաշարներով, զէնքով ու զինամթերքով, ու զայն շրջապատել բարոյահոգեբանական այնպիսի մթնոլորտով, որ միայն ու միայն կը խթանէ հայրենասիրութիւնը, հողի պաշտպան կանգնելու նուիրումը:
Բանակի մարտունակութեան մակարդակի պահպանումը ամէնօրեայ կազմակերպական հսկայական աշխատանքներ կ՛ենթադրէ, ժողովուրդի բոլոր խաւերէն հսկայական զոհաբերութիւն կը պահանջէ:
Տասնվեց տարուան յարաբերական խաղաղութիւնը Ղարաբաղ-Ատրպէյճան ու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ գիծին վրայ, մենք կրնանք հանգիստ խղճով վերագրել գլխաւորաբար Հայկական բանակի ուժին, անկէ ճառագայթող հզօրութեան:
Այսօր, արդէն բացայայտ իրողութիւն է, որ ատրպեճանական իշխանութիւնները մշակած են բազմակողմանի ռազմավարութիւն մը, որ կը միտի՝
Յարատեւօրէն զօրացնելու ազերի բանակի ռազմական սարքերն ու հնարաւորութիւնները՝ տնտեսական անսահման ճնշման տակ դնելով իրեն հետ քայլ պահել փորձող հայկական կողմը.
Ռազմական գերիներու կամ քարոզչական ու ապատեղեկատուական արշաւներու միջոցաւ բարոյալքել փորձելու թէ՛ հայ զինուորի եւ թէ՛ անոր թիկունք կանգնած ժողովուրդին ոգին.
Նպատակասլաց քաղաքական ու քարոզչական ձեռնարկումներով միջազգային հանրութեան մօտ նպաստաւոր գետին պատրաստելու՝ Ղարաբաղի հարցի ռազմական տարբերակով լուծման գաղափարին համար:
Խնդիրը յստակ է: Անդրադառնալ այս խնդիրին չի նշանակեր, որ ատրպեճանական թակարդին մէջ կ՛իյնանք կամ ինկած ենք: Անդրադառնալ թէ՛ ատրպեճանական եւ թէ՛ քաղաքական այլ շրջանակներու պատերազմի հաւանականութեան մասին միտումնաւոր հրապարակումներուն, մեզի համար մէկ նպատակի կը ծառայէ՝ առաւել զգօն ըլլալ, առաւել արդիւնաւէտ աշխատանք պահանջել մեր պետութենէն, թէ արտաքին քաղաքական եւ թէ ներքին՝ ընկերային ոլորտներու մէջ:
Պատերազմը մեզի համար միշտ հաւանական սպառնալիք մըն է, այնքան ատեն, որ Ղարաբաղի հարցը վերջնական լուծում մը չէ գտած: Ուրեմն պատերազմին մշտապէս պատրաստ ըլլալը պարտադիր է, եղած է ու պիտի մնայ, պատրաստ ըլլալու բոլոր պարտաւորութիւններով բոլորիս վրայ՝ ժողովուրդ, իշխանութիւն, կուսակցութիւններ, դիմութիւն թէ ընդդիմութիւն: