ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 2ին, Հայոց բանակի 18ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Ֆելիքս Պօղոսեան յայտնած է, թէ զինուորական աշխատանքը պատերազմներու ընթացքին ծանր աշխատանք է, որուն միշտ պատրաստ եղած է հայը եւ որուն, ու մեր հերոսներու արեան արդիւնքով, կայացած է այսօրուան մեր բանակը։ Ըստ գնդապետին, մեր երկիրը կը կառուցուի եւ յստակ քայլերով դէպի բարեկեցութիւն կ՛երթայ:
«Ինչպէս Արցախեան շարժման ժամանակ, այնպէս էլ 18 տարի անց մեր բանակը կրկին մեր երկրի անվտանգութեան երաշխաւորն է, իսկ մեր հակառակորդը, դեռ պարտութեան դառնութիւնը չթօթափած՝ կրկին յոխորտում է», նշած է Ֆ. Պօղոսեան եւ աւելցուցած՝ «Մեր բանակը ամուր է, կուռ է, յագեցուած է ժամանակակից տեխնիկայով, իսկ մարտական ոգին ու հայրենասիրութիւնը շատ բարձր մակարդակի վրայ է գտնւում»։