ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին հիմնական պատճառներէն նկատուեցան այն հսկայական պարտքերը, զորս քաղաքացիներ եւ ընկերութիւններ ստանձնած էին՝ զանոնք վճարելու գերլաւատեսութեամբ: Այդ վիճակէն դուրս գալու համար, կառավարութեանց ծախսած հսկայական գումարները հիմա կը նկատուին ապագայ ճգնաժամերու սերմերը: Կարգ մը տնտեսագէտներու համաձայն, համաշխարհային տնտեսութեան վերականգնումը կախեալ է աշխատաւորներու տնտեսական վիճակի կայունութենէն եւ բարելաւումէն:
Այս գաղափարին ջատագովներէն մէկը կը թուի ըլլալ նախագահ Պարաք Օպաման, որ իր տարեկան ամավարկին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուցած էր նոր աշխատատեղիներ ստեղծելու եւ աշխատաւորներուն վարձատրութիւնը բարձրացնելու առաջարկներուն:
Երեքշաբթի, Փետրուար 9ին, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած նախագահի եւ Քոնկրեսի հանրապետական ու դեմոկրատ ղեկավարներուն միջեւ հանդպման ընթացքին, Օպամա շեշտեց, թէ գոնէ այս կէտին մէջ կարելի է երկկուսակցական համաձայնութիւն մը գոյացնել, որովհետեւ կողմերուն կեցուածքները մօտ են իրարու: Ան նաեւ անուղղակիօրէն ազդարարեց, թէ ժողովուրդը յուսալքուած է Քոնկրեսին մէջ տիրող անհանդուրժողական մթնոլորտէն: