ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Աշխարհի երկիրներու մեծամասնութիւնը չէ կատարած ՄԱԿին իր վճարումները: Կազմակերպութեան կանոնները կը պահանջեն, որ ընթացիկ տարուան վճարումները կատարուին մինչեւ Յունուար 31, սակայն նախքան այս ժամկէտին աւարտը, ՄԱԿի 192 անդամներէն միայն 26 երկիրներ լիովին վճարած էին 2010ի վճարումները։
Կազմակերպութեան իրենց պարտքը վճարողներու կարճ ցանկին մէջ են Հայաստանը, Տաճիկիստանը, Ուքրանիան եւ Էսթոնիան։ ՄԱԿի ամավարկին՝ իւրաքանչիւր պետութեան վճարելիք գումարը կը սահմանուի ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ, երեք տարին անգամ մը, նկատի առնելով անդամ երկիրներուն տնտեսական զարգացման մակարդակն ու բնակչութեան թիւը։
Օրինակի համար, այս տարուան գանձուելիք ընդհանուր գումարը 2 միլիառ եւ 35 միլիոն տոլար է, որուն 517.13 միլիոնը պէտք է վճարէր Միացեալ Նահանգները: Ռուսիոյ բաժինը 37.67 միլիոն տոլար էր: