ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Իհլասոնտաքիքա» կայքէջին համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, դիւանագիտական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձած է շրջանային զարգացումներուն՝ առաջարկելով Եւրասիոյ մէջ ստեղծել Եւրոպական միութեան նման կառոյց մը:
Ըստ նախարարին, նման կառոյց մը կարեւոր է, որովհետեւ Եւրասիա «աշխարհի տնտեսութեան շարժիչ ուժը պիտի դառնայ»։
«Այսօր այդ քաղաքական կամքը կայ։ Տեսէ՛ք վերջին շրջանին Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու զարգացումը։ Շրջանին մէջ կը բացուին համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ: Մենք կ՛ուզենք, որ համագործակցութիւնը զարգանայ ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ քաղաքական մարզին մէջ», ըսած է նախարարը:
Ըստ Տաւութօղլուի, «սահմանները փակենք եւ մեր մէջ տնտեսութիւնը զարգացնենք» մօտեցումը 60-70ական թուականներուն կը պատկանի։
«Ոչ մէկ երկիր ներկայիս առիթներ ունի մեկուսացած մնալու։ Եթէ եւրոպական երկիրները իրարու հետ չհամագործակցէին, արդեօ՞ք հիմա այդքան զարգացած կ՛ըլլայի՞ն», հարց տուած է թուրք նախարարը։
«Այսօր միջազգային կառոյց ստեղծելու համար թերեւս աշխարհագրական ամենայարմար տարածքը Եւրասիան է։ Թուրքիան նման միութիւն մը ստեղծելու համար կարելին պիտի ընէ, որովհտեւ աշխարհագրական այս տարածքին ճակատագիրը, մենք, մարդկութեան ճակատագրին համար յոյժ կարեւոր կը նկատենք», եզրակացուցած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.