Ըստ ընկալեալ աւանդութեան, ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս փառաշուք կերպով եւ ժողովուրդի ստուար ներկայութեամբ, Յունուարի վերջին Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն վրայ երկարող, տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս Զօրավարի եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի, զուտ հայկական բնոյթով տօնակատարութիւնը։
Արդարեւ, Շաբաթ, Յունուար 30ին ամբողջ օրուան ընթացքին Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ժրաջան Տիկնանց միութիւնը բծախնդիր նուիրածութեամբ սկսած էր արդէն մատաղի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ամբողջ շրջափակին մէջ խանդավառ ժողովրդային բազմութիւն մը կը վխտար։ Ոմանք մատաղի համար իրենց նիւթական, ինչպէս նաեւ բարոյական մասնակցութիւնը կ՛ուզէին բերել կատարուելիք աշխատանքներուն։
Շաբաթ, կէսօրէ ետք, հասած էր արդէն ժամը յաջորդ օրուան տօնակատարութեան նախատօնակի արարողութեան։ Ժամը 7:30ին նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը սկսաւ՝ մասնակցութեամբ հոգեւոր հովիւին, որուն ընկերակցեցան սարկաւագներն ու դպրաց դասի անդամ-անդամուհիները:
Իսկապէս, երբ միաբերան երգեցին Ս. Սարգիս զօրավարի շարականը, ժողովուրդը խոր հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ հոգեկան վերացումով ըմբոշխնեց շարականի երգեցողութիւնը։
Անձնապէս հոգեւոր հովիւը ըլլալով շրջանիս՝ կը վկայեմ, որ եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան տօնը բացառիկ տօնակատարութեամբ, իսկ արարողութիւնները գնահատելի յաջողութեամբ կը կատարուին տարուէ տարի։
Այս երեւոյթը կը պարտինք եկեղեցւոյ հոգաբարձուներուն, հոգեւոր հովիւին եւ յարակից մարմիններուն միակամ եւ համերաշխ գործակցութեան։
Նախատօնակի արարողութիւնը վերջ գտաւ «Քրիստոս Աստուած Մեր» մաղթերգով ու հաւատացեալները հաւատքով զօրացած՝ վերադարձան իրենց բնակարանները։
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, արդէն գլխաւոր բաժինը պիտի կատարուէր տօնախմբութեամբ՝ Ս. պատարագով, մատաղի օրհնութեամբ ու բաշխումով ծուխիս հաւատացեալ ջերմեռանդ ժողովուրդին։
Առաւօտեան ժամը 10ին Կիրակնօրեայ ժամերգութիւնը սկսաւ ըստ կարգի եւ անոր յաջորդեց Ս. պատարագը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան ու թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի աւանդական դարձած կարգադրութեան, իւրաքանչիւր եկեղցեւոյ անուանակոչութեան տօներուն առիթով հանդիսաւոր պատարագը կը մատուցանէ առաջնորդ սրբազան հայրը, ցոյց տալով իր գուրգուրանքը, քաջալերանքը տուեալ շրջանի պատկան մարմիններուն եւ ժողովուրդին։
Այս տարի բացառիկ շուքով, կարգապահութեամբ եւ բծախնդրութեամբ իր լրումին հասաւ ամէն բան։ Օրուան խորհուրդը ամբողջապէս պարփակող սրբազան հօր քարոզը աւելի եւս ջերմացուց եւ արժեւորեց տիրող հոգեկան մթնոլորտը, ժողովուրդը ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ զինուեցաւ մասնաւորաբար սրբազան հօր շեշտած Ս. Սարգիսի եւ որդւոյն՝ Մարտիրոսի, նահատակութեան իրողութեամբ։
Առաջին հերթին, առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունեց ներկայութիւնը եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարին՝ տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններուն, եւ հարազատներուն, առաւել եկեղեցւոյ բոլոր բարերարներուն, հովանաւորներուն, հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձուներուն, երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան եւ յարակից մարմիններուն, ինչպէս նաեւ շեշտակիօրէն գնահատեց եւ քաջալերեց եկեղեցւոյս ծառայող երիտասարդ դպիրները, սարկաւագները եւ երգչախումբի անդամ-անդամուհիները։ Ս. Սարգիս զօրավարի աննկուն հաւատքը, Քրիստոսի քրիստոնէական ճշմարտութեան ի խնդիր ընծայաբերումը պանծացնելու եւ անոր բարեխօսութիւնը հայցելու համար, մեր եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը յօրինած են յատուկ շարականներ, իսկ Սուրբ Սարգիս զօրավարի եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի պատմութիւնն ու վկայաբանութիւնը պատրաստած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը, 1158 թուականին։
Սրբազան հայրը ըսաւ. «Ս. Սարգիս Զօրավար, ինչպէս քրիստոնէական հաւատքին, նոյնպէս ալ պատերազմներուն մէջ անյաղթելի ախոյեան մըն էր, կը կռուէր Քրիստոսի փառքին եւ քրիստոնէական լոյսը եւ ճշմարտութիւնը տարածելու համար։ Աշխարհի փառքը ոչինչ համարելով՝ միշտ Աստուծոյ գոհութիւն կու տար, եւ աղքատներուն, կարօտեալներուն կ՛օգնէր»։
Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին խոր հաւատքով եւ կատարեալ կարգապահութեամբ ժողովուրդը մօտեցաւ Ս. խորանին՝ ստանալու համար սրբազան հօր եւ հոգեւոր հովիւին կողմէ տրուած Ս. հաղորդութիւնը, իբրեւ քաւութիւն եւ թողութիւն կամայ թէ ակամայ գործուած բոլոր մեղքերուն։ Իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ Ս. մատաղի օրհնութիւն ու բաշխում՝ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Արդարեւ, վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, Փասատինայի Հայց. առաքելական Ս. եկեղցեւոյ ծխական համայնքը, իսկապէս մեծ կազմակերպութեամբ եւ խանդավառութեամբ բարձր կը պահէ հոգեկան բարւոք մթնոլորտը։
«Ուրախ լեր սուրբ եկեղեցի» շարականի երգեցողութեամբ եկեղեցական թափօրը հասաւ մայր դրան մօտ, ուրկէ սրբազան հայրը տուաւ իր ողջերթի օրհնութիւնը, որմէ ետք «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգներով հաւատացեալ ժողովուրդը մեկնեցաւ եկեղեցիէն: Այնուհետեւ հրաւիրեալ բարերարներն ու գործօն մարմինները ուղղուեցան «Անտոն Անտոնեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած պատշաճ հիւրասիրութիւն. այս առիթով սրբազան հայրը իր գնահատականն ու քաջալերական պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։