ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 16ին, ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Քանատ Սաուտապաեւի հետ հանդիպումէն ետք կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան յայտնած է, թէ ԵԱՀԿ գործող նախագահին փոխանցուած է ԼՂՀ դիրքորոշումը, ըստ որուն, առանց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մասնակցութեան անհնար է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ վերջնական համաձայնութեան հասնիլ: Ան նաեւ նշած է, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահին առաջարկած է նոր ուղղութիւն մտցնել բանակցային գործընթացին մէջ, ընդգծելով, որ քննարկուող բոլոր փաստաթուղթերուն շուրջ պէտք է վերջնականապէս համաձայնեցուի ԼՂՀի հետ:
ԵԱՀԿ գործող նախագահը, իր հերթին նշած է, որ անպայման հաշուի պիտի առնէ ԼՂՀի տեսակէտը եւ համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ, որպէսզի անիկա ամբողջութեամբ յարգուի:
«Առաջարկութիւն է եղել նաեւ, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահը տարածաշրջան այցելութեան դէպքում լինի նաեւ ԼՂՀում, քանի որ բոլոր հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւնները այցելում են տարածաշրջան, առանց ծանօթանալու հիմնական կողմի համապատասխան կառոյցներին, ժողովրդի տեսակէտներին: Ի հարկէ, այդպիսի մօտեցումը չի կարող արդիւնաւէտ լինել», շեշտած է ԼՂՀ նախագահը:
Հիմնախնդիրի կարգաւորման հետ կապուած Ատրպէյճանի կեցուածքը, ըստ Բ. Սահակեանի, ահաբեկչութեան նոր ձեւ է։ Անիկա յոյս յայտնեց, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահը իր լիազօրութիւններու ծիրէն ներս համապատասխան աշխատանքներ պիտի իրականացնէ՝ Ատրպէյճանը աւելի կառուցողական դիրքորոշումի բերելու ուղղութեամբ: «Դա միայն կը նպաստի բանակցային գործընթացի տրամաբանական զարգացմանը», շեշտած է ԼՂՀ նախագահը:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրին՝ նախագահ Սահակեան անգամ մը եւս հաստատած է, որ անիկա որեւէ կապ չունի եւ չի կրնար ունենալ ԼՂ հակամարտութեան հետ։ «Այդ խնդիրները կապելու Թուրքիայի մօտեցումը, ի հարկէ, արդարացուած չէ, եւ չի կարելի չգնահատել Հայաստանի ձգտումը տարածաշրջանում կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու հարցում», ըսած է ԼՂՀ նախագահը: