Երկուշաբթի, Փետրուար 15ին, Երեւանի «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ աւարտեցաւ Շաբաթ օր մեկնարկած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, տիրացաւ պրոնզէ մետալին, երբ իր կատարած վերջին մրցումին 4-3 արդիւնքով յաղթեց Ռուսիոյ, որ զօրաւոր կազմով չէր ներկայացած։ Հայաստան անցեալ տարի Ֆրանսայի մէջ հանդիսացած էր երրորդ։
Ռուսիոյ կազմէն ելոյթ ունեցաւ Միհրան Յարութիւնեան, որ 66 քկ. դասակարգին մէջ մրցեցաւ Արման Ատրիկեանի դէմ։
Ոսկի մետալի համար պայքարը աւարտեցաւ Իրանի յաղթանակով, որ 4-3 արդիւնքով Թուրքիոյ յաղթելէ ետք, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան։ Ռուսիոյ ետին 5րդ դիրքը գրաւեց Վրաստան, իսկ 6րդ դիրքը՝ Քուպա։ 7րդ եւ 8րդ դիրքերը՝ յաջորդաբար գրաւեցին Հունգարիան եւ Նորվեկիան։