Վանքուվըրի մէջ նախորդ շաբաթավերջին սկսած 2010ի Ձմեռնային ողիմպիական խաղերը սեւ էջով մը բացուեցան, երբ պաշտօնական բացումէն քանի մը ժամ առաջ վրացի մարզիկ մը արկած ունենալով մահացաւ։ Այդ իսկ պատճառով, վրացի մարզիկները պաշտօնական բացման ընթացքին իրենց դրօշակին կապած եւ իրենց ձեռքերուն դրած էին սեւ ժապաւէններ, ինչպէս նաեւ կը կրէին սեւ վզկապեր։
Միւս կողմէ, Հայաստանի 17ամեայ դահուկորդ Սերգէյ Միքայէլեանը 15 քլմ. ազատ ոճ մրցումներուն կրցաւ 37 վայրկեան, 58.9 երկվայրկեան արդիւնք ապահովել եւ գրաւել 70րդ դիրքը՝ 96 մասնակիցներու մէջ: Նաեւ, դահուկորդուհի Քրիստինէ Խաչատրեան 10 քլմ. ազատ ոճ մրցավազքին 34 վայրկեան ու 17.5 երկվայրկեան արդիւնքով գրաւեց 76րդ դիրքը, 78 մասնակիցներու մէջ: