ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Երեքշաբթի, Փետրուար 16ին յայտնեց, որ կը նախընտրէ Իրանի հիւլէական ծրագիրի տագնապին անմիջական լուծում մը գտնել՝ պատժամիջոցներու փոխարէն։ Ան յայտնեց, թէ շրջանը «սպառնալիքին աւելի մօտ է» եւ այդ պատճառով արագ լուծում մը հարկաւոր է, առանց մանրամասնելու: Ան այս հաստատումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Ռիատ ռազմական գործողութիւն մը չի ջատագովեր: «Զինուորական հարուած մը չենք ուզեր, որովհետեւ նման հարուած մը ապարդիւն պիտի ըլլայ։ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն վերաբերեալ լուծումի մը պէտք ունինք: Օրինակ, Միացեալ Նահանգները կրնայ Իսրայէլի ստիպել բնակեցման վայրերու կառուցումը դադրեցնել», ըսաւ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.