ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Նեւզաթ Փաքտիլ Երկուշաբթի օր յայտնած է, թէ Թուրքիա շատ դժգոհ է Գանատայի խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհելու որոշումէն։ Գանատա-Թուրքիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի նախագահ Մորիս Սելքոթի գլխաւորութեամբ գանատական պատուիրակութեան հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Փաքտիլ ըսած է, թէ Թուրքիա «նման դէպք մը» չէ պատճառած։
«Կը կարծեմ, որ այստեղ տեղեկութեան պակաս կայ։ Թուրքիա գոհ պիտի զգայ, եթէ Գանատա զօրակցութիւն յայտնէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ արձանագրութեանց։ Թուրքիա կը նախընտրէ, որ այս հարցը պատմաբաններուն ձգուի։ Թուրքիա նախանձախնդիր է դէպքերուն՝ հաւասար եւ արդար ձեւով մօտենալու ընտրանքին։ Այս հարցով երկակի չափանիշներու կիրարկումը անընդունելի է», ըսած է ան։