ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 19ին ընդունած է համացանցային Բազմալեզու ուղիղ կապի թարգմանիչ ծրագրի աշխատանքային խումբը, որ կը համագործակցի սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Ծրագիրը կ՛ապահովէ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն, արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն, երկու հայերէններէն անգլերէն եւ հակառակ ուղղութեամբ թարգմանութիւններ՝ շուրջ 55 հազար միաւոր բառի, զոր ծրագրի հեղինակները մտադիր են հասցնել 150 հազարի:
Նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է նման ծրագրի մը նախաձեռնութեան համար եւ նշած, որ անիկա լրացուցիչ հնարաւորութիւններ կրնայ ստեղծել սփիւռքի մէջ հայերէնի պահպանութեան եւ տարածման համար:
Խումբի ղեկավար, գիտարուեստական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Էդուարդ Մանուկեան նախագահին ներկայացուցած է ծրագիրը եւ տեղեկացուցած, թէ նոր սկսած ծրագրի կայքէն օրական արդէն իսկ կ՛օգտուի շուրջ 1300 այցելու, մեծ մասը՝ սփիւռքէն:
Հանդիպման ընթացքին խօսուած է ծրագրի աշխատանքային խումբին մէջ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բարձրակարգ լեզուաբաններ ընդգրկելու, ինչպէս նաեւ ծրագրի հետագայ կատարելագործման համար գիտաժողով կազմակերպելու վերաբերեալ հարցերու մասին:
Հանդիպման աւարտին, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ ծրագիրը 2010ին Հայաստանի մէջ յայտարարուած Մայրենիի տարուան լաւագոյն ծրագիրներէն մէկն է, որ նպատակ ունի առաւել մերձեցնել հայոց լեզուի արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն ճիւղերը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը: «Գաղտնիք չէ, որ լեզուական տարբերութիւնները շատ յաճախ դժուարութիւններ եւ դժգոհութիւններ են առաջացնում հայութեան երկու հատուածների մօտ, եւ ծրագիրը նպատակ ունի լրացնել այդ բացը», նշած է նախարարը:
(Կայքէն օգտուելու համար, կրնաք այցելել www.translator.am)
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.