ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մեծ պահոց կամ Քառասնորդաց պահեցողութեան ընթացքին, մեր եկեղեցւոյ արարողակարգը ամբողջութեամբ նոր կերպարանք կը զգենու: Սովորական դարձած առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւնները, յատկապէս Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն, հայ եկեղեցւոյ ժամասացութեան մէջ գոյութիւն ունեցող այլ ժամերգութիւններով կը փոխարինուին՝ առաւօտուն «Արեւագալ»ով, իսկ երեկոյեան՝ «Խաղաղական» ու «Հանգստեան» ժամերգութեամբ:
Պահեցողութեան շրջանին վերապահուած այս ժամերգութիւններուն ո՛չ միայն շարականները կամ երգերը տարբեր են, այլ նաեւ ընթերցուող աղօթքները, արտասանուող մաղթանքներն ու սարկաւագին կարդացած քարոզները արտասովոր են: Անոնց բնոյթը աղերսական է, իսկ նիւթը կը վերաբերի՝ մեղանչական մարդը դէպի Աստուած առաջնորդելու միջոցներ որոնելու ճիգին:
Մարդուն, դէպի Աստուած դառնալուն առաջին ու հիմնական կերպը՝ գիտակից զղջումն է, որ կը ստեղծէ այն մթնոլորտը, ուր պիտի կատարուի ետդարձ մը: Մեծ պահոց աղօթքներուն շարքին, հոգեւորականին կողմէ ընթերցուող շատ ամփոփ մաղթանք մը արձանագրուած է հսկումի արարողութեան մէջ, որ խնդրանք մըն է առ Աստուած, ինքնագիտակցութեամբ զղջումի հասած մեղաւոր մարդուն կողմէ: Այնտեղ ամբողջական հոգիով կը խնդրուի Աստուծմէ որ «երես չի դարձնէ» մեղաւոր մարդէն, այլ Իր բարերարութեամբ օգնական ըլլայ, փոխանակ անտեսելու ու լքելու իր ստեղծած մարդը:
«Երես դարձնել» բացատրութիւնը սովորական ու առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին յաճախ օգտագործուող արտայայտութիւն մըն է: Մարդոց միջեւ անհամա-ձայնութիւններ, կագ ու կռիւ, վէճ ու վիճաբանութիւն, կրնան առիթ հանդիսանալ գժտութեանց: Սակայն այստեղ հարցը Աստուծոյ հետ գժտուելու խնդիր չէ՛, այլ՝ Աստուծոյ կողմէ անտեսուելու, Անոր կողմէ լքուելու երկիւղն է, որ պէտք է սարսափեցնէ մեղաւոր մարդը:
Բայց Աստուած կը լքէ՞ իր ստեղծած մարդ էակը: Մարդը Աստուծոյ գործին շարունակողը ըլլալու կոչուած արարած մըն է: Մարդկային կեանքի մէջ, ընտանեկան միջավայրի պայմանները նկատի ունենալով, յաճախ կը տեսնուին անհամաձայնութիւնները զաւակներու ու ծնողներու միջեւ: Սերունդներու փոփոխութեան հետ, նաեւ մտայնութեանց փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ: Այդ փոփոխութիւնը բաղխումներ կ՛առաջացնէ, որոնցմէ հակառակութիւններ կը ծնին:
Ընտանեկան միջավայրին մէջ, առհասարակ հօր կերպարն է որ տիրապետողի հանգամանքով ազդեցութիւն կը գործէ տնեցիներուն վրայ: Մայրը աւելի խաղաղարարի ներկայութեամբ կը պատկերանայ տան մէջ, միաժամանակ իր զաւակները պաշտպանելու դիրքերուն վրայ կ՛երթեւեկէ, երբեմն երկու սուրի միջեւ մնալով, ու յաճախ հարկադրուելով իր վրայ առնել զաւակներուն գործած յանցանքներուն պատասխանատուութիւնը: Հակառակութիւնը մանաւանդ իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ անհամաձայնութիւն ստեղծուի հօր ու իր որդիին միջեւ: Աքլորամարտի կը վերածուի այս հակառակութիւնը, երբ մանաւանդ տղան չափահասութեան տարիքը թեւակոխած, ինքնանկախ կեանքով հետաքրքրուած կ՛ըլլայ: Միւս կողմէ, հայրը տակաւին ամբողջական վստահութիւն չունենալով իր զաւակին, չուզեր որ իր հովանաւորութենէն դուրս գայ ան, վախնալով որ կրնայ շեղիլ իր ճամբէն ու կորսուիլ կեանքի շփոթեցուցիչ պողոտաներուն մէջ:
Ամէն պարագայի, մարդու բանականութեան մէջ դրական հետաքրքրութիւն մը սերմանուած է, որ յատուկ է ծնողներու՝ իրենց ծնած զաւակներուն նկատմամբ: Անոնք ինչքան ալ «անտեսեն» իրենց զաւակները՝ իբրեւ պատիժ, կամ կարեւորութիւն չընծայեն իրենց զաւակներու ազատութիւն տենչացող ձգտումներուն, այնու ամենայնիւ աչալրջութեամբ կը հետեւին անոնց իւրաքանչիւր քայլին, ու արթուն կը հսկեն անոնց առած որոշումներուն դրական ու բարի հետեւանքներով պսակուելուն:
Աստուծոյ հայրութեան օրինակը Յիսուս Ինք եւս գործածած է, ամէնէն առաջ Ի՛նք զԱյն Իր Հայրը կոչելով, եւ ցոյց տալով որ համայն մարդկութեան Հայրն է Աստուած, «որ երկինքն է», ինչպէս Տէրունական աղօթքին մէջ կը սորվեցնէ մեզի: Եթէ աշխարհի հասկացողութեամբ մեր ֆիզիքական հայրերը երես չեն կրնար դարձնել մեզմէ վերջնականապէս, եւ բնաւ չեն մոռնար հետաքրքրուիլ մեր կեանքի իւրաքանչիւր ծալքով կամ մանրամասնութեամբ, հապա Աստուա՞ծ, որ մեր երկնաւոր Հայրը ըլլալէ առաջ, մեր Ստեղծիչն է, ու մեր գոյութեան գերագոյն Պատճառը:
Ան ազատ կամքով ստեղծած ըլլալով մարդը, ամբողջական ազատութիւն տուած է անոր, տնօրինելու իր կեանքը, առնելու իր որոշումները, կողմնորոշուելու իր կեանքին մէջ ի յայտ եկող բոլոր պարագաներուն, բայց մանաւանդ իր յարաբերութեանց մէջ՝ Աստուծոյ ու մարդոց հետ: Բնականաբար մարդոց հետ յարաբերութեանց արդիւնքէն կախեալ է նաեւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան դրական կամ ժխտական հետեւանքը:
Աստուծոյ հայրութեան այս ապահովութիւնը, սակայն, շահագործումի նպատակով կարելի չէ՛ նկատի ունենալ: Ճիշդ է Ան մեր Հայրն է, սակայն այնպէս ինչպէս հայր մը իրաւասութիւն ունի խրատելու, յանդիմանելու, բարկանալու եւ երբեմն դաստիարակութեան համար պատժելու, նոյնպէս ալ Աստուած, մեզ սաստելու համար, յաճախ պատուհասներ կ՛ուղարկէ: Մեզ սթափեցնելու համար պատիժներու կ՛ենթարկէ, որպէսզի դիւրացնէ մեր վերադարձը դէպի Իր գիրկը: Աստուած «երես կը դարձնէ» մեզմէ երբեմն, ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ թշուառ վիճակի կը մատնուինք առանց Իրեն: Բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն Աստուած յաւիտենապէս Իր երեսը պիտի դարձնէ: Աւելի լաւ պիտի ըլլար որ այդ մարդը բնա՛ւ ծնած իսկ չըլլար, քան թէ իր Արարիչին կողմէ նման պատիժի ենթարկուէր: Յիսուս երանի՜ կու տայ սրտով մաքուր մարդոց, որովհետեւ, կ՛ըսէ Անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն: Աստուծոյ տեսութեան արժանանալու համար մաքուր սիրտը պայման կը դրուի Աւետարանին մէջ (Հմմտ. Մտ 5.8): Աստուած կրնայ որոշ ժամանակ «երես դարձնել» մեզմէ, մինչեւ որ սրտի մաքրութեան մեր գործընթացը աւարտի:
Աստուած բնաւ պիտի չուզէ որ մեր հոգիները կորսուին, սակայն մեր կեանքին ընթացքով եթէ մենք զմեզ առաջնորդենք դէպի այդ իրավիճակը, անոր պատասխա-նատուութիւնը ամբողջութեամբ մեր ուսերուն դրուած պիտի ըլլայ:
Մեղաւոր մարդուն գիտակցութեան գալու աստիճանաչափը կարելի է նկատել Աստուծոյ երեսէն ինկած ըլլալու վախը: Ինչքան դժբախտ կը զգայ արդեօք մարդ, երբ գիտնայ թէ Աստուած «երես դարձուցած է» իրմէ: Եթէ յուսահատութեամբ պատուի իր հոգին, ամբողջական սրտով կը դառնայ Աստուծոյ, զԱյն նկատելով իր միակ ապաւէնը: Պահեցողութեամբ մաքրուած կեանքդ դիտելով, Աստուած դարձեալ կը նայի քեզի հայրական գթառատ նայուածքով: Հոգեկրթումի ազդանշան է այս գրութեան վերնագիրը, որուն ազդած երկիւղը հոգեփոխումի կարողականութիւն ունի իր մէջ. Եթէ՜ Աստուած երես դարձնէ: