Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի անունով պողոտայ մը վերանուանելու պահանջքով սկսած է նոր ստորագրահաւաք մը։ www.hrantdinkcaddesi.org կայքէջին վրայ սկսած ստորագրահաւաքին նախաձեռնողներն են լրագրողներ, պատգամաւորներ մտաւորականներ եւ ուրիշներ։ Նախաձեռնութիւնը կը կրէ «Թող «Էրկենեքոն» պողոտան վերանուանուի Հրանդ Տինքի անունով» խորագիրը։ Վերջին տուեալներուն համաձայն, այդ նախաձեռնութեան կ՛աջակցի արդէն 1334 հոգի։
Յայտնենք, թէ Պոլսոյ քաղաքապետարանը մերժած էր Հրանդ Տինքի անունով կոչել «Էրկենեքոն» պողոտան։ Այդ նախաձեռնութեան դիմած էր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, սակայն Քաղաքական խորհուրդին մէջ առաջարկը մերժուած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.