ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 16ին, Երուսաղէմի լատին նախկին պատրիարք Սապպահ այցելեց Անթիլիաս՝ հանդիպում ունենալու Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Սապպահ պատրիարքին կ՛ընկերանար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն դոկտ. Միշել Նսէյր:
Երկու անձնաւորութիւնները վեհափառին պաշտօնապէս յանձնեցին Երուսաղէմի եկեղեցիներուն կողմէ պատրաստուած այն յայտարարութիւնը, որուն միջոցով Երուսաղէմի եկեղեցիները խնդրամատոյց կ՛ըլլան միջազգային համայնքին պատժամիջոցներ հաստատելու Իսրայէլի դէմ, երկրին մէջ քրիստոնեաներուն նկատմամբ ստեղծուած անընդունելի վերաբերումներուն համար:
Յայտնենք, թէ այս յայտարարութիւնը խստիւ քննադատուած է Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ՝ անընդունելի նկատուելով:
Սապպահ պատրիարք եւ դոկտ. Նսէյր վեհափառին մանրամասնօրէն պարզեցին քրիստոնէական համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները Սուրբ երկրին մէջ: Իր տեսակէտները պարզելով վեհափառը քանի մը կէտերով շեշտեց՝
ա. Միջքրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը.
բ. Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը.
գ. Արտասահմանի եկեղեցիները եւ յատկապէս հայ եկեղեցին պիտի շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ պաղեստինեան դատին:
Վեհափառը նաեւ ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը իր զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ Երուսաղէմի եկեղեցիներուն հրապարակած վերոյիշեալ միացեալ յայտարարութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.