ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Համազգային հայ մշակութային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի 2009-2010 տարեշրջանի Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2010ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, «Սարոյեան» հայ կեդրոնի գրադարանին մէջ, ներկայութեամբ 24 անդամ-անդամուհիներու:
Ժողովին ներկայ էին «Համազգային» միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսըրլեան, իսկ Շրջանային վարչութիւնը կը ներկայացնէր Սագօ Փանոսեանը:
Ընդ. ժողովի դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Արսէն Մելքոնեան, քարտուղարուհի՝ Նանի Թնճուկեան. կարդացուեցան բարոյական ու նիւթական զոյգ տեղեկագիրները, եղան հարցումներ, ըստ էութեան՝ արտայայտութիւններ ու թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակումներ, որոնց գոհացուցիչ կերպով պատասխանեց ընթացաւարտ վարչութեան ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեանը:
Ընթացաւարտ վարչութիւնը իրագործած է ութ մշակութային, զանազան տեսակի ձեռնարկներ, գրական երեկոներ, երգահանդէսներ եւ նկարչական արուեստի գործերու ցուցահանդէսներ, որոնք, բոլորն ալ պսակուած են կատարեալ յաջողութեամբ, նաեւ փոխանցելի գանձին մէջ ունենալով կոկիկ գումար մը:
Բանաձեւի յանձնախումբը ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ արձանագրեց վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը:
Յառաջիկայ շրջանին համար ընտրուեցաւ հինգ հոգինոց վարչութիւն, որ իր դիւանը կազմեց հետեւեալ կազմով.
Ատենապետուհի՝ Եսթեր Իսհակ
Քարտուղար՝ Սեւակ Պատոյեան
Գանձապահ՝ Նոյեմի Շահինեան
Խորհրդականներ՝ Լարա Դուրեան, Յակոբ Ստանպուլեան:
Ժողովի աւարտին, 14 Մարտ 2010ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային ժողովին մասնակցելու համար պատգամաւորներ ընտրուեցան Ռուբինա Գասպարեանը եւ Նուպար Տէմիրճեանը, իսկ տեղական վարչութիւնը պիտի ներկայացնէ Եսթեր Իսհակը: