ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք անցեալ տարի, Մարտ 16ին, Սերժ Թանգեան իր «Elect the Dead» գործին ներկայացման համաշխարհային շրջապտոյտին ընթացքին, Նիւ Զելանտայի մէջ արտասովոր ելոյթ մը ունեցած էր Օքլընտի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ: Այդ ելոյթը, որ արձանագրուած էր վեց տարբեր անկիւններէ, իբրեւ CD եւ DVD հրապարակ պիտի իջնէ յառաջիկայ Մարտ 9ին, առիթ ընծայելով բոլոր անոնց, որոնք ներկայ չէին Օքլընտի ելոյթին, դիտելու եւ ունկնդրելու այդ իւրայատուկ ելոյթը:
«Elect the Dead Symphony» անունով հրապարակուող գործին արտադրիչն է «Ուորնըր պրատըրզ» ընկերութիւնը. աշխատանք կը տարուի նաեւ զայն շարժապատկերի սրահներու մէջ ցուցադրելու:
Իր «սովորական» յաջորդ ստեղծագործութեան արտադրութեան կողքին, Թանքեան կ՛աշխատի նաեւ դասական «Prometheus Bound» թատերական գործին երաժշտական տարբերակը պատրաստելով: