ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 25 Փետրուարին, Կլենտէյլի երիտասարդական կեդրոնին մէջ իրենց հերթական նիստի ընթացքին, Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ խումբ մը միութենականներ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան շրջանիս մէջ բնակող բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի հետ:

Յառաջիկայ իր ծրագիրներուն մէջ «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը նախատեսած է հրապարակային հանդիպում մը Ալիսիա Կիրակոսեանի հետ: Այդ հանդիպման իբրեւ նախապատրաստութիւն՝ նպատակայարմար նկատուած էր հանդիպիլ բանաստեղծուհիին հետ եւ ճշդել հրապարակային ձեռնարկին յայտագիրը:
Հանդիպումը շատ հետաքրքրական էր: Համազգայնականներուն ուղղած բազմաթիւ հարցերուն բանաստեղծուհի Կիրակոսեանը տուաւ հանգամանալի պատասխաններ:
Հրապարակային այս ձեռնարկին կայացումը նախատեսուած է Մայիս 23ին: