ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ համայնքային ձեռնարկներու, լրատուական ցանցերու եւ ծանուցումներու միջոցաւ, ան նախաձեռնած է նոր արշաւի մը՝ դէմ դնելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ իշխանութեանց փորձերուն, որոնք վերջին շաբաթներուն սաստկացած են եւ ամերիկեան իշխանութեանց վրայ ճնշումներու ճամբով կը փորձեն ձախողութեան մատնել Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հինգշաբթի, Մարտ 4ին քննուելիք Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին վաւերացումը։
Արշաւին նպատակն է ապահովել բանաձեւին վաւերացումը, եւ այս նպատակին համար կազմուած է www.anca.org/endthegagrule համացանցային կայքը, որուն միջոցաւ համայնքը իր ձայնը կրնայ լսելի դարձնել Քոնկրեսին մէջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ իբրեւ ամերիկահայեր, պէտք չէ արտօնենք, որ օտար կառավարութիւն մը իր կամքը պարտադրէ ամերիկեան իշխանութեանց վրայ:
Այս արշաւին աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու համար, կարելի է դիմել elizabeth@anca.org համացանցային հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.