ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը Երկուշաբթի, Մարտ 1 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Նայիրի Նահապետեանի ընտրապայքարին:
Նահապետեանին յաղթանակը ապահովելը յոյժ կարեւոր է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամենամեծ թիւով հայութիւն ունեցող նահանգին 80 անդամ ունեցող խորհրդարանը ներկայիս ոչ մէկ հայ անդամ ունի իր շարքերէն ներս:
Յիշեցնենք, թէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուելով՝ Փօլ Գրիգորեան թափուր ձգած էր Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի աթոռը, որուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Նահապետեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը հանդիպումներ ունեցաւ սոյն աթոռին համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած բոլոր անձերուն հետ, որմէ ետք միայն, միաձայնութեամբ որոշեց նեցուկ կանգնիլ Նայիրի Նահապետեանին:
Հանրային քաղաքականութեան եւ ղեկավարման մարզերէն ներս Նահապետեանի ապահոված փորձառութեան շնորհիւ, շարք մը քաղաքական ղեկավարներ եւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, որոշած են նեցուկ կանգնիլ անոր ընտրապայքարին: Անոնց շարքին են Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քարոլ Լիու եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ:
Նահապետեանի նեցուկ կանգնողներուն ամբողջական ցանկին ու թեկնածուին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել VoteNayiri.com համացանցային կայքը:
Նկատի ունենալով, որ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքին սահմաններէն ներս ապրող եւ քուէարկելու համար արձանագրուած քաղաքացիներուն միայն 16 տոկոսը հայ է. Նահապետեան, յաղթանակ ապահովելու համար, պէտք ունի ապահովելու ո՛չ հայ քուէարկողներու աջակցութիւնը նաեւ:
Այս ծիրէն ներս, իբրեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ, Նահապետեան արդէն իսկ փաստած է, թէ կարողութիւն ունի իրագործելու կրթական արդիական ծրագիրներ, հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին տարիներուն կրթական մարզին ամավարկը զգալիօրէն կը կրճատուէր նահանգին ու քաղաքին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն հետեւանքով: Շնորհիւ կրթական մարզը բարեկարգելու նպատակով իր ներկայացուցած ծրագիրներուն, ան յաջողած էր բաւարար քուէներ ապահովել՝ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ ընտրուելու համար:
Նաեւ, Նահապետեանի ընտրապայքարը ցարդ կրցած է գոյացնել յատկանշական գումար մը՝ աւելի քան 150,000 տոլար, փաստելով, որ յաղթանակ ապահովելու լուրջ յոյսեր ունեցող թեկնածու մըն է ան: Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ այն իրողութիւնը, որ անոր ընտրապայքարին դերակատարները գործօն մասնակիցներ էին Փօլ Գրիգորեանի խորհրդարանական եւ քաղաքային խորհուրդի ընտրութեանց յաղթանակները ապահովելու արշաւներուն:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի այս արտակարգ ընտրութիւններուն նախնական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 13ին, իսկ ընտրութիւնը՝ Յունիս 8ին:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կրթական համակարգը բարեկարգելու աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Նահապետեան հանդիսացած էր հիմնադիրներէն մէկը ՀԲԸՄի «Յաջորդ սերունդ» խորհրդատուական ծրագրին, որուն նպատակն է խորհրդատուական սպասարկութիւններ տրամադրել Կլենտէյլի հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Ան նաեւ եղած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ եւ Հայ մշակութային ու ընկերային ուսմանց համախմբումի ատենապետ:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի սահմաններէն ներս կ՛իյնան Կլենտէյլն ու Պըրպենքը, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Էթուաթըր Վիլեճ, Լորըլ Կրով, Լոս Ֆելիզ, Սիլվըր Լէյք, Նորթ Հոլիվուտ, Թոլուքա Լէյք, Թոլուքա Ուուտզ, Թոլուքա Թերըս, Վելի Կլեն ու Վեն Նայս շրջանները: