ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիան հզօր երկիր է: Հայաստանը՝ անհամեմատ փոքր է տարածքով, բնակչութեամբ, քաղաքական կշիռով, տնտեսական հնարաւորութիւններով:
Թուրքիան՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին հանդէպ, ունի պատմական, իրաւական, բարոյական, քաղաքական պարտաւորութիւններ, զորս տասնեակ տարիներով անտեսած, ուրացած ու մերժած է՝ հերքելով նոյնիսկ այդ պարտաւորութիւնները հիմնաւորող պատմական իրադարձութիւնները, փաստերը:
Հիմա Թուրքիան, իր այդ ուժեղ դիրքերէն պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ընդառաջելու հայկական կողմի փափաքին՝ բնականոն դարձնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, բանալու սահմանները, առեւտուր ընելու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակելու, բարի դրացիական տրամադրութիւններ զարգացնելու:
Հիմա Թուրքիան տրամադիր է փոքրիկ Հայաստանի փափաքը իրականացնելու… բայց, չկարենալով մոռնալ իր անհամեմատ գերակշռութիւնը (եւ ինչպէ՞ս կրնար մոռնալ)՝ կ՛ուզէ այդ տրամադրութիւնը պահելու պայմաններ ստեղծել: Այսինքն, հզօր Թուրքիան սիրով կ՛ընդառաջէ Հայաստանի փափաքին, եթէ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը մոռնան անցեալը, մոռնան իրենց դէմ գործուած անմարդկային ոճիրը, մոռնան իրենց պատմութիւնը, ձեռք քաշեն Արցախէն եւ միայն ու միայն ապագային նային:
Նման պայմաններու տակ, ապագան փայլուն կը պատկերացուի. ոչ ոք նեղութիւն կու տայ Թուրքիոյ մէջ ապօրէնի աշխատող տասնեակ հազարաւոր հայերուն. անոնք ձեւով մը կը հանդուրժուին. Օ՜հ, չմոռնանք, թուրքերը բարի կ՛ըլլան արեւմտահայութեան մնացորդացի բնակարանները յատուկ նշաններով չտարբերակելու, պատրիարք կամ աթոռակից պատրիարք ընտրելու հնարաւորութիւն ալ կը տրուի անոնց, սահմանը բանալով ազատ կ՛աշխուժանայ երթեւեկն ալ՝ իր բոլոր հետեւանքներով:
Բայց, եթէ Հայաստանը ձեռք չքաշէ Արցախէն, եթէ հայ ժողովուրդի զաւակները համարձակին պահնջատէրի ձայն բարձրացնել ու պատմական արդարութիւնը վերականգնելու փորձեր կատարել, ապա Թուրքիան, թուրք ժողովուրդի ազգայնական հատուածի կամ նենգափոխուած պատմութեամբ տոգորուած թուրք բնակչութեան մեծամասնութեան ճնշումին տակ, պարտաւոր կ՛ըլլայ ջնջել նման ապագայի մը բոլոր հեռանկարները, եւ… Հայաստանը շրջափակուած պահելու քաղաքականութիւնը կը շարունակէ՝ զայն յաւերժօրէն թոյլ ու կախեալ պահելու նպատակով:
Ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկումն ու անոր առնչութեամբ Թուրքիոյ պետական ու քաղաքական հակազդեցութիւնը, առաւել կը բիւրեղացնեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման թրքական պատկերցումը: