ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Փետրուար 25ին, շարունակելով Հնդկաստան տուած իր պաշտօնական այցելութիւնը՝ Արամ Ա. կաթողիկոս շարք մը տեսակցութիւններ ունեցաւ Քերալա նահանգի ռւղղափառ, կաթոլիկ, անկլիքան եւ բողոքական եկեղեցիներու պետերուն ու եկեղեցական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։
Առաւօտեան, վեհափառը ընդունեց այցելութիւնը Հնդիկ-ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներուն, որոնք հիւանդանոցային խնամքի տակ գտնուող իրենց կաթողիկոսին՝ Թոմաս Ա.ի, եղբայրական ողջոյնները եւ բարի գալուստի բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին վեհափառին։
Ժամը 10ին, հայրապետը այցելեց Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ դպրեվանքը, ուր հաւաքուած էին զանազան եկեղեցիներու պետեր, հոգեւորականներ եւ աստուածաբաններ։ Վեհափառը նախ հանդիպում մը ունեցաւ հոգեւոր պետերուն, Քերալայի եկեղեցական խորհուրդի պատասխանատուներուն եւ դպրեվանքի տեսչութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողութեան հետ, ու ապա դասախօսեց «Միջ-եկեղեցական Շարժումը 21րդ Դարուն» նիւթին մասին։ Կաթողիկոսը յատուկ կերպով ընդգծեց երիտասարդ սերունդին միջ-եկեղեցական կազմաւորման հրամայականը եւ եկեղեցիներուն՝ ի Քրիստոս ունեցած միութիւնը։
Հայրապետին միջ-եկեղեցական վաստակին մասին խօսք առին Փաուլոս Մար Միլիթիոս կաթողիկոսը, Մար Թոմա եկեղեցիէն՝ Զաքարիա Թէոֆիլոս մետրոպոլիտը, անկլիքան եկեղեցիէն՝ Թոմաս Սամուէլ եպիսկոպոսը, Քերալայի եկեղեցական խորհուրդէն՝ դոկտ. Ֆիլիփ Թոմասը, Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Կապրիէլ Մար Կրեկորիոս մետրոպոլիտը եւ Դպրեվանքի տեսուչ հայր Ճորճը։ Բոլորն ալ նշեցին, թէ վեհափառ հայրապետը անջնջելի հետք ձգած է միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան մէջ, եւ թէ Հնդկաստան իր այցելութիւնը քրիստոնէական համագործակցութեան մէջ նոր էջ մը կը բանայ բոլոր եկեղեցիներուն համար։
Կէսօրին, Դպրեվանքի եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք եւ հայ եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութիւն, ապա՝ պաշտօնական ճաշկերոյթ։
Երեկոյեան ժամը 7ին, վեհափառ հայրապետը այցելեց Մար Թոմա եւ կաթոլիկ եկեղեցիները, ուր նաեւ տեսակցեցաւ միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչներու եւ երկարամեայ հնդիկ իր գործակիցներուն հետ։
Նաեւ, Շանկանասերիի կաթոլիկ արքեպիսկոպոսարանին մէջ, վեհափառը դասախօսեց «Հայ եկեղեցին եւ միջ-եկեղեցական շարժումը» նիւթին մասին։ Ապա, Ժոզէֆ Մար Փովաթպիլ կաթոլիկ արքեպիսկոպոսը պաշտօնական ընթրիքով մը պատուեց վեհափառ հայրապետը՝ ի ներկայութեան միջ-եկեղեցական հիւրերու եւ պետական պատասխանատու անձնաւորութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.