ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Մարտ 1ին, Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը ընդունած է Հայաստանի Ազգային ժողովի ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը, որ Ստեփանակերտ ժամանած էր՝ մասնակցելու համար Հայաստան-Ղարաբաղ միջխորհրդարանական համագործակցութեան ծիրէն ներս նախատեսուած հասարակական ոլորտի յանձնաժողովներու համատեղ նիստին։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին ՀՀ Ազգային ժողովի Առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Հասարակական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Յակոբ Յակոբեանը, Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Դաւթեանը, նոյն յանձնաժողովներու նախագահներու տեղակալներ եւ յանձնաժողովներու անդամներ ու փորձագէտներ։
Ողջունելով ներկաները՝ Ղարաբաղի ԱԺ նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, թէ հայկական երկու խորհրդարաններուն համագործակցութիւնը, տարուէ տարի զարգանալով՝ հետզհետէ ձեռք կը բերէ նոր աւանդոյթներ։ Անոր խօսքով, նիստի օրակարգային հարցերը, որոնք կը շօշափեն երկու հանրապետութիւններուն գրեթէ բոլոր խաւերուն շահերը, կը կազմեն օրէնսդրական ամբողջական փաթեթ՝ իւրայատուկ իր կարեւորութեամբ եւ հրատապութեամբ։
Իրենց կարգին, Հայաստանի ԱԺ յանձնաժողովներու նախագահները շեշտած են նման նիստեր հետագային եւս կայացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ երկու խորհրդարաններու համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան։
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ ԼՂՀ Ազգային ժողովի հասարակական ոլորտի հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Արպատ Աւանէսեան, նոյն յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Զոյա Լազարեան եւ ՀՀ Ազգային ժողովին մօտ ԼՂՀ Ազգային ժողովի նարկայացուցիչ Կարէն Թօփչեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.