ՏԱՒՈՒՇ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուեալներով, Մարտ 1ին, Հայաստանի Տաւուշ մարզի Չինարի գիւղին մօտ գտնուող մարտական յենակէտի սահմանային դիրքերուն վրայ, ատրպեճանական կողմէն արձանագրուած հրադադարի խախտման հետեւանքով սպաննուած է ՀՀ Զինուած ուժերու զինծառայող՝ կրտսեր սերժանթ (քսանապետ) Սարգիս Հենրիկ Ոսկանեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.