ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» կայանը Կիրակի, Փետրուար 28ին, «Վաթսուն վայրկեան»էն ցուցադրեց Պապ Սայմընի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատրաստուած յայտագիրը, որ թուրք լրատու գործակալութիւններու կողմէ նկատուեցաւ իբրեւ «գայթակղեցուցիչ ու սուտերով լեցուն» յայտագիր մը։ Յայտագրին սփռումէն անմիջապէս ետք, թրքական լրատու գործակալութիւնները իրենց համացանցի էջերուն վրայ արդէն լայնօրէն արձագանգեցին հաղորդումին։
Յայտագրին մէջ կը պնդուէր, որ Սուրիոյ Տէր Զօր անապատը աշխարհի հայկական մեծագոյն գերեզմանատունն է, եւ թէ օսմանցիներու կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ներշնչումի աղբիւր դարձած էր Գերմանիոյ նացիներուն համար։
Յատկանշական է նաեւ, որ այս յայտագիրը հաղորդուեցաւ Ցեղասպանութեան բանաձեւի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քուէարկումէն քանի մը օր առաջ, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ այդ հաղորդումը յատուկ նպատակ մը կը հետապնդէր։
Յայտագրին 12 վայրկեանը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան հարցին: Սայմըն ըսաւ, որ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն աւելի քան մէկ միլիոն հայեր տեղահանուեցան, ապա սպաննուեցան օսմանցի թուրքերու կողմէ։ Այդ օրէն ի վեր, այս հարցը այլեւս միայն երկու ժողովուրդները շահագրգռող նիւթ մը չէ, այլ նաեւ կը զբաղեցնէ Քոնկրեսն ու Սպիտակ տունը։ Սայմըն կը շրջէր ընկերակցութեամբ ամերիկահայ գրագէտ Փիթըր Պալաքեանի, որ կը պատմէր, թէ միայն Տէր Զօրի մէջ 450 հազար հայեր մեռած էին, եւ շրջանը հայերուն «Աուշվից»ը կը նկատէր: Պալաքեան կը պատմէր նաեւ, որ կառավարութեան կողմէ լաւ կազմակերպուած ծրագիրով մը կատարուեցան ձերբակալութիւններն ու տեղահանութիւնները։ Իսկ Սայմըն կը պատմէր, թէ հայերը, որոնց ստիպած էին տոմսակներ գնել երթուդարձի համար, երբեք չկրցան վերադառնալ, եւ ստիպուեցան քալել հարիւրաւոր մղոն երկարութիւն ունեցող մահուան ճանապարհներուն վրայ։
Խօսուեցաւ նաեւ այդ ժամանակաշրջանի Ամերիկայի դեսպան Մորկենթաուի տեղեկագիրներուն մասին, որոնք ցոյց կու տային, թէ ամբողջ ցեղ մը կը բնաջնջուէր։
Յայտագիրին մէջ մասնաւոր տեղ տրուած է նաեւ Թուրքիոյ նախորդ դեսպան Նապի Շէնսոյին, որ հաստատ կը մնար ուրացման քաղաքականութեան վրայ: Սայմըն շարունակ դեսպանին խօսքը կ՛ընդհատէր ու կը յիշեցնէր, թէ իրենք հայերու ոսկորները գտած էին Սուրիոյ մէջ եւ ասիկա «Աուշվից»ի համազօր կը նկատուի, իսկ Շէնսոյ կը ժխտէր ու կը պնդէր, թէ մահուան ճանապարհներ չկային. հայերը մահացան հիւանդութեան ու այլ ազդակներու բերումով, եւ թէ օսմանցիները հայերը ամբողջովին կամ մասամբ անհետացնելու նպատակ չունէին։
Ցոյց տրուեցաւ նաեւ քարանձաւ մը, ուր հայեր լեցուած էին, ապա թուրք զինուորներ կրակ վառած էին մուտքին եւ այսպիսով՝ մուխէն խեղդամահ ըրած էին ներսինները։ Ասիկա նացիներուն ներշնչեց կազի սենեակներու գաղափարը, նշուեցաւ ծրագրին մէջ։ Յայտագիրի վերջին մասով նշուեցաւ, որ մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան մասին խօսողը բանտարկութեան կը դատապարտուի, եւ ասոր վերջին օրինակներէն մէկը Հրանդ Տինքի սպանութիւնն էր: Սայմըն յիշեցուց, որ Թուրքիոյ ռազմավարական նշանակութեան պատճառով ամերիկացի նախագահները քաջութիւնը չեն ունեցած «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու:
Թուրք հանրային կարծիքը, բնականաբար, ընդվզած է այս յայտագիրին դէմ։ Թրքական համախմբման հրապարակած մեկնաբանութեան մէջ յիշեալ յայտագիրը կը կոչուի «լրատուութեան սպանդ»։ Քննադատուեցաւ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Սայմըն յաճախակի կերպով կիսատ կը ձգէր Շէնսոյին խօսքերը: «Սայմըն կարծես դատախազ մըն էր, որ կը հարցաքննէր թուրք դեսպանը», ըսած է թուրք մեկնաբան մը։ Գալով Հրանդ Տինքի մասին եղած ակնարկութեան՝ ըսուեցաւ, որ Սայմըն այդ նիւթը գործածած է իբրեւ զգացական շահագործում։