ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը ներկայ զարգացումները մեկնաբանելով՝ կը յայտնէ, որ մօտեցող Ապրիլ 24ը ամէն տարուան նման թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները քննութեան ենթարկող երեւոյթ մըն է։ Թերթը նաեւ նկատել կու տայ, որ այս տարի Անգարա աւելի կտրուկ եւ սուր կ՛արձագանգէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի բանաձեւին։ Մասնաւորաբար, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը՝ անցեալի կեցուածքներուն համեմատած, շատ աւելի կտրուկ է:
Թրքական օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիան կը մերժէ Ցեղասպանութեան ամբաստանութիւնը, միաժամանակ բանաձեւին մէջ առիթ մը կը տեսնէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները չվաւերացնելու համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու նաեւ բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ ան վճռական է այդ (Ցեղասպանութեան) հարցին մէջ եւ առանց հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան լուծման, շրջանին մէջ հնարաւոր չէ մնայուն խաղաղութիւն ունենալ։
«Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր եւ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչեք յայտնած է, թէ բանաձեւին վաւերացումը պիտի վնասէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։ Ան Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է, թէ «Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ երկու կարեւոր դաշնակից երկիրներ են։ Մենք անցած 50-60 տարիներուն նոյն պատմութիւնը կը բաժնեկցինք։ Բանձեւին որդեգրումը պիտի վնասէ յարաբերութիւնները»։
«Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներ լոպիական աշխատանք կը տանին եւ ամերիկացի գործարարներու հետ եւս հանդիպումներ կ՛ունենան Ներկայացուցիչներու տան մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման արգելք հանդիսանալու համար։
Օրաթերթը կը նախատեսէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մետասաներորդ պահուն միջամտելով՝ բանաձեւի որդեգրման արգելք պիտի հանդիսանայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.