ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մարտ 5ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, խօսելով ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թիւ 252 բանաձեւին մասին՝ յայտնած է. «Երէկուան որոշումը մեր բոլոր հարցերի լուծումը չէ, բայց ամերիկեան քաղաքական դաշտում հայկական եւ թուրքական ուժերի մրցակցութեան հերթական հանգրուանն է, իսկ հայկական կողմը յաղթեց բաւական դժուարութեամբ»:
Ըստ անոր, բանաձեւի ընդունումը լուրջ ճնշում էր Թուրքիոյ եւ Սպիտակ տան վրայ. Թուրքիոյ վրայ՝ որպէսզի լուրջ վերաբերի Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն նկատմամբ, իսկ Սպիտակ տան՝ որպէսզի չփորձէ խոչընդոտել Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քոնկրեսին մէջ:
Դաշնակցական գործիչին կարծիքով, Թուրքիան սպառնալիքներ կը յղէ Միացեալ Նահանգներու հասցէին, «Սակայն եթէ այս բանաձեւով պէտք է վատանան թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ուրեմն այդ յարաբերութիւնները ի սկզբանէ խախուտ են: Թուրքիան բոլորին է սպառնացել: ՆԱԹՕի անդամ 10-11 երկիր ճանաչել են Ցեղասպանութիւնը: Բոլորին էլ Թուրքիան սպառնացել է», նշած է բանախօսը՝ աւելցնելով, որ այդ սպառնալիքները ժամանակաւոր են:
«Ճիշդ կը լինի, որ այսօր մեր ԱԺ նախագահը շնորհակալական նամակ ուղարկի Ներկայացուցիչների պալատի նախագահին, նշելով, որ ակնկալում է բանաձեւի՝ նաեւ լիագումար նիստում քննարկում: Չնայած Հայաստանի նախագահը «Էլ Ճազիրա» հեռուստատեսութեան հետ հարցազրոյցում ասել էր, որ կողմ է բանաձեւի անցկացմանը, բայց, ըստ երեւոյթին, դա քոնկրեսականներին չի հասել: Բնականաբար, աւելի ճիշդ կը լինի, որ նախագահի կեցուածքը արտայայտուի պաշտօնապէս», ըսած է բանախօսը՝ աւելցնելով, որ եթէ Թուրքիան պաշտօնապէս կը հակազդէ, ապա Հայաստանը նոյնպէս պէտք է պաշտօնապէս իր դիրքորոշումը յայտնէ:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Հայաստանը ընելիք ունի նաեւ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ՝ օր առաջ անկէ դուրս գալով, նկատի ունենալով, որ արձանագրութիւններուն առկայութիւնը խոչընդոտ է Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման համար: Իբրեւ փաստ, բանախօսը ներկայացուցած է բանաձեւի ընդունման 1 ձայնի տարբերութիւնը, երբ Սպիտակ տան կողմէ լուրջ հակազդեցութիւն չկար:
«Պարզ է, որ Թուրքիան չի վաւերացնի արձանագրութիւնները. այս եւ նման բանաձեւերը, ան պարզապէս որպէս պատրուակ կարող է օգտագործել: Սա եւս առիթ է, որ Հայաստանը յայտարարի՝ արձանագրութիւնների վաւերացման գործընթացը Թուրքիայի մեղքով տապալուել է: Իշխանութիւնը պէտք է յայտարարի, որ մենք պատրաստ ենք առանց նախապայմանների յարաբերութիւններ հաստատել, եւ կը բանակցենք այն օրը, երբ Թուրքիան եւս որոշի առանց նախապայմանների բանակցել: Ճիշտ է՝ մեր դուրս գալը որոշ արտաքին շրջանակներում մեծ դժգոհութիւններ կ՛առաջացնի, բայց դա չարեաց փոքրագոյնն է: Մենք աւելի թանկ ենք վճարելու՝ այս գործընթացում մնալով», նշած է բանախօսը:
ARTYOK VOROO GESBASEN ???
MER TESHNAMI SHOON TOORKEROON….AMOT
TSER VARCHAGAZMIN, TATRETZOOTZEK TZER TAVAJANOOTYOUNE
VOJRAKORTS TURKEROON HED KHESDIVOREN.
GETZE TASHNAGTZOUTYOUNE
GETZE HYE AZKE