ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.», «Ա.Էֆ.Փէ.», «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, հակադարձելով Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւին վաւերացման՝ յայտարարեց, թէ որոշումը «խելամիտ չեմ համարեր եւ ափսոսանքով կ՛ընդունիմ։ Որոշումին մէջ թուրք ժողովուրդի նկատմամբ որեւէ յագրանք չկար»։
«Պատմական իրողութիւններէն հեռու այս միակողմանի որոշումը դարձաւ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն վնասող քայլ մը։ Այս որոշումը պիտի վնասէ Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ ժողովուրդներու միջեւ մնայուն բարեկամական յարաբերութիւններ կառուցելու ջանքերուն։ Պատմութեան դէմ իբրեւ անարդարութիւն կ՛ընդունիմ քաղաքական շահերէ մեկնելով ընդունուած այս որոշումը։ Այս քուէարկութենէն ետք որեւէ ոլորտի մէջ տեղի ունենալիք բացասական արդիւնքներու համար, Թուրքիան պատասխանատու պիտի չըլլայ», պնդեց ան:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս դատապարտեց որոշումը, իսկ այս մասին հրապարակուած Թուրքիոյ կառավարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Մենք կը քննադատենք թուրք ժողովուրդը անտեղի կերպով մեղադրող այդ օրինագիծը։ Այդ նախագիծին աջակցողները անտեսած են պատմական իրականութիւնն ու պատմաբաններու հակասող կարծիքները՝ քաղաքական ու անարդար դիրքորոշում որդեգրելով: Քաղաքական գործիչներու՝ պատմաբաններու ոլորտ մտնելը, միշտ բացասական հետեւանքներ ունեցած է։ Մենք լուրջ մտահոգութիւն ունինք, որ հակառակ մեր բոլոր զգուշացումներուն, բանաձեւը վաւերացուեցաւ:
Այս արարքը պիտի վնասէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերը փակուղի պիտի մտցնէ։ Ուաշինկթընի մօտ մեր դեսպան Նամըք Թանը այս իրադարձութեան հետ կապուած քննարկումներու համար կը կանչենք Անգարա»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, կոչ ընելով հայերուն եւ Հայաստանին՝ ըսաւ. «Խորհրդարանի միջոցով պատմութիւնը դատապարտելու փոխարէն, եկէք խօսինք դէմ առ դէմ. եկէք բանանք մեր արխիւները», աւելցնելով, որ երրորդ կողմի միջամտութիւնը պիտի վնասէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
«Իւրաքանչիւր որոշում պիտի խոչընդոտէ պատմական հաշտեցումը։ Երրորդ կողմի միջամտութիւնը պիտի վնասէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Անհրաժեշտ է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ բոլորը ողջամիտ ըլլան», ըսաւ Տաւութօղլու՝ աւելցնելով, որ համակարծիք չէ բոլոր անոնց, որոնք կը պնդեն, թէ Թուրքիա կը դանդաղեցնէ արձանագրութեանց վաւերացման գործընթացը։
«Հինգշաբթի օրուան որոշումով արձանագրութիւնները վտանգի տակ կը գտնուին։ Այդ որոշումով մենք չենք կրնար ճամբայ ելլել։ Մենք երբեք ճնշումի տակ որոշում չենք կայացուցած եւ պիտի չկայացնենք: Մենք չենք փափաքիր, որ ամէն տարի ճգնաժամ յառաջանայ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ։ Կ՛ակնկալենք, որ Ապրիլ 24ին չըլլայ այնպիսի յայտարարութիւն մը, որ պիտի խորացնէ ճգնաժամը», անուղղակիօրէն նախագահ Պարաք Օպամային սպառնացած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ընդգծելով, որ Անգարա «այո՛» կ՛ըսէ հայ-թրքական հաշտեցման։
Նաեւ, Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին կապերու յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մերճան, որ բանաձեւին ձախողութիւնը ապահովելու համար Ուաշինկթըն կը գտնուէր, յայտնեց, որ Քոնկրեսը խաղաց «լաւ ծրագրուած կատակերգութիւն մը»։ «Իմ համոզումով, անդամներէն շատերուն վրայ ճնշում գործադրուած էր։ Բանաձեւը ընդունուած է մէկ ձայնի առաւելութեամբ, եւ չի կրնար հիմնարար փաստաթուղթ համարուիլ», ըսաւ ան։ Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ճակատագիրին՝ ան ըսաւ, որ որոշումը դժուարացուց անոնց վաւերացումը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ Ամերիկայի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Շիւքրիւ Էլեքտաղ յայտեց, որ «Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը Թուրքիան մինակ ձգեց»։
Քուէարկութենէն անմիջապէս ետք տուն կանչուած Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Նամըք Թան ըսաւ, թէ կը ցաւի բանաձեւի վաւերացման համար, սակայն ան աւելցուց, որ թուրք պատուիրակները տեսած էին շնորհաւորելի գործ, որուն հետեւանքով բանաձեւը միայն մէկ քուէի տարբերութեամբ անցած էր: Ան ըսաւ, որ դժբախտաբար ինք Թուրքիա պիտի վերադառնայ կառավարութեան որոշումով, սակայն աւելցուց, որ շուտով պիտի վերադառնայ իր պաշտօնին։
Յայտնենք, թէ բանաձեւը վաւերացուցած նիստին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներ՝ 105ամեայ Սիրարփի Խոյեան (ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն Խոյեան քահանայի կինը), 97ամեայ Քնարիկ Էմինեան եւ 96ամեայ Շարլոթ Քեչեճեան։