Չորեքշաբթի, Մարտ 11ի կէսօրին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ (USC), գլխաւորութեամբ համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Վաչէ Մանկրեանի, պիտի շարունակուին հայկական բանաստեղծութեան նուիրուած շարքին քննարկումները:
Այս անգամուան նիստը նուիրուած է Վահան Թէքէեանին, եւ նիստի յատուկ հիւրն է UCLA-ի մէջ բաղդատական գրականութեան դոկտորայի թեկնածու Թամար Պոյաճեանը:
Յաջորդ երկու քննարկումները տեղի պիտի ունենան Մարտ 24ին (Յովհաննէս Թումանեան) եւ Ապրիլ 7ին (Զապէլ Ասատուր եւ Զապէլ Եսայեան): Տեղեր ապահովելու համար, դիմել armenian@college.usc.edu համացանցային հասցէին: