ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, Փետրուար 13ի երեկոյեան, Տեառընդառաջի նախատօնակին, աւանդական խարոյկը վառելէ ետք, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած «Սիրոյ Սեղան»ի շուրջ կատարուող միասնական 10րդ ընթրիքը, շրջանի ՀՄԸՄի արի-արենոյշ խմբապետ-խմբապետուհիներու հետ, Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախաձեռնութեամբ:
Առաջնորդ հայրը սրահ մուտք գործելէ ետք, խմբանկար մը ունեցաւ ներկայ ՀՄԸՄական խմբապետ-խմբապետուհիներուն հետ, ապա սեղանները օրհնեց, արտօնելով ընթրիքը:
Նոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ կատարուող այս ընթրիքին մասնակից դարձան նաեւ ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միութեան եւ Շրջ. Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչները:
Առաջնորդ հօր կ՛ընկերակցէին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Արտակ Ա. քհնյ. Տէմիրճեան եւ Նարեկ քհնյ. Փէհլիւանեան:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ բարի գալուստի իր խօսքերէն ետք հրաւիրեց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միութեան Կեդր. վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Նալճեանը, որ սրտի իր խօսքը փոխանցէ: Ռ. Նալճեան իր ուրախութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄի արի-արենոյշներուն հետ միասնաբար «Սիրոյ Սեղան»ի շուրջ ընթրելու գեղեցիկ առիթին համար: Ապա, ներկայացնելով միութեան գործունէութիւնը: Այնուհետեւ, Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան պատասխանատուներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան ելոյթ ունենալով, նախ բացատրեց Տիառընդառաջի իմաստը, Ս. Աւետարանէն համապատասխան օրինակները բերելով ըսաւ. «Տիառընդառաջը՝ տիրոջ երթալ, տիրոջ մօտենալ, հայութեան, մեր ստեղծիչին, Աստուծոյ, մեր փրկիչին, մեր արմատներուն, մեր մշակոյթին, մեր արժէքներուն երթալն է: Տիառընդառաջը հայոց հին հեթանոսական տօներէն մէկն էր»: Այնուհետեւ, հայր սուրբը անդրադարձաւ կարգ մը ազգային աւանդութիւններու մասին եւ հեատեւեալը բացատրեց, նորապսակներու յատուկ տօն նկատուող Տիառընդառաջի մասին. «Երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ քրիստոնէական տօներ ստեղծեց, նկատեց, թէ շատ մը հեթանոսական աւանդութիւններ արմատաւորուած էին հայ ժողովուրդին մէջ եւ դժուար էր զանոնք թոթափելը: Այդ իսկ պատճառով, մեր հայրապետը հեթանոսական եւ քրիստոնէական կարգ մը տօները միացուց, ինչպէս էր պարագան Վարդավառի եւ յատկապէս Տիառընառաջի տօններուն, որոնց խորհուրդը քրիստոնէական է: Տիառընառաջի կրակը մեզի համար Քրիստոսի սէրն է, տաքութիւնն է, որ մեր բոլորի հոգիները կը ջերմացնէ»:
Եզրակացնելով, հոգեւոր հովիւը խրախուսեց ներկաները ծանօթանալ հայ ժողովուրդի հին աւանդութիւններուն, ունենալով մաքուր հաւատք, միամիտ հոգի, պարզամիտ սիրտ եւ կարենալ ծառայութիւն ընծայել մեր եկեղեցիին եւ ազգին:
ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան կողմէ սրտի խօսք փոխանցեց սկաուտականի ներկայացուցիչ Փիէռ Մանուկեանը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած առիթին համար եւ նախաձեռնութիւնը պատեհ առիթ նկատելով ընդգծեց ըսելով. «Իբրեւ ՀՄԸՄականներ, օրուան խորհուրդէն մեկնելով կը վերանորոգենք մեր ուխտը, որպէս հայ ազգի զինուորներ եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ, հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ, միաժամանակ ծառայելով մեր ազգին ու հայրենիքին»:
Եղբ. Մանուկեան սրբազան հօր փոխանցեց նաեւ, թէ շրջանի սկաուտական բաժանմունքը, հակառակ տիրող տնտեսական նեղ պայմաններուն, դարձեալ մեծ թիւով պիտի մասնակցի ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան հայրենիքի մէջ կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական բանակումին եւ այցելելով հայրենի պատմամշակութային արժէք ներկայացնող մեր եկեղեցիներն ու կոթողները, ազգասիրութեամբ վերանորոգուած պիտի վերադառնայ տուն:
Ապա, եղբ. Մանուկեան բեմ հրաւիրեց Շրջանային խմբապետուհի Թալին Հինտոյեանը, որ ներկայացնելէ ետք ընթրիքին ներկայ Շրջ. Սկաուտական խորհուրդի անդամները, Սրբազան հօր նուիրեց, սկաուտական վերջին սեմինարին պատրաստուած շապիկ մը, միաժամանակ վստահութիւն յայտնելով Սրբազան հօր ու ներկայ հոգեւոր հովիւներուն, թէ ՀՄԸՄը, իր ծրագիրներուն մէջ լայն տեղ կը տրամադրէ քրիստոնէական դաստիարակութեան:
Ընթրիքի վերջին բաժնով, հայրական իր պատգամն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ կեդրոնանալով Կիլիկեան Ս. Աթոռի հայրապետներու վրայ, ընդգծեց իւրաքանչիւրին յատկանշական գործունէութիւնը եւ աշխատանքները՝ տեղահան եղած եւ Սփիւռքի մէջ հաստատուած հայ ժողովուրդին: Այսպէս Առաջնորդ հայրը ներկայացուց Սահակ Բ., Բաբգէն Բ., Պետրոս Ա., Գարեգին Ա., Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. եւ այնուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու իրագործում-ները, ընդգծելով նաեւ, թէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը աւելի ուշ ընտրուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:
Սրբազան հայրը նաեւ կոչ ըրաւ, ներկայ ՀՄԸՄական ղեկավարներուն, որ «իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, մեր աւանդութեան, մեր հաւատքին մէջ ամուր պիտի մնանք, որուն համար ալ այս արարողութիւնը կը կատարենք:
«Անոր համար ըսի, որ մեր ուխտի վերանորոգութեան օրն է: Մենք մեր նպատակին կը հասնինք, մեր հաւատքի մէջ պէտք է մնանք անփոփոխ, բայց միշտ պէտք է պայծառանանք, քրիստոսի խօսքերով եւ իր պատուիրաններով»:
Եզրակացնելով, Սրբազան հայրը վստահեցուց, թէ «Այն որ Աստուածասէր, եկեղեցասէր է եւ հայրենասիրական աշխատանքի մէջ է, աւելի օգուտ կը բերէ հայրենիքին, մեր հաւաքականութեան եւ ազգին: Լաւագոյն օրինակը ՀՄԸՄն է, լաւագոյն օրինակը դուք էք եւ լաւագոյն օրինակը կ՛ըլլաք այս աւանդութիւններու եւ տօներու առիթով երբ եկեղեցի գաք եւ աղօթէք»:
Ընթրիքին ներկայ քոյր-եղբայրները հոգեւոր սնունդով յագեցած մեկնեցան տուն իրենց հետ տանելով սրբազան հօր նուիրած «Արեւագալի Խաղաղական Հանգստեան Ժամերգութիւններ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ» լաթակազմ գրքոյկը, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հայրապետներու լուսանկարները, որոնց ետին արձանագրուած էին իւրաքանչիւրին մտածումն ու յատկանշական խօսքերէն մէկը: