ՉԻՆԱՍՏԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան վարչութեան պետ Տիգրան Յարութիւնեանի, 2010ի Մայիս 1էն Հոկտեմբեր 31 երկարող ժամանակահատուածին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Շանհայ Expo-2010» համաշխարհային ցուցահանդէսին Հայաստանը պիտի ներկայանայ «Աշխարհի քաղաք» նախագիծով՝ նախաձեռնութեամբ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի:
Ըստ նոյն աղբիւրին, նախագիծը կը նախատեսէ Արարատեան դաշտավայրին մէջ ստեղծել նոր քաղաք մը, ուր իւրաքանչիւր թաղամաս պիտի կառուցուի աշխարհի տարբեր երկրի մը ժողովուրդին ճարտարապետական ոճով:
«Սա բաց նախագիծ է, որի մէջ ներգրաւուած են եւ աշխատում են բազմաթիւ սփիւռքահայ ճարտարապետներ: Ամէն մէկը վերցնում է մի թաղամասի նախագծի աշխատանքներ ու սկսում իրականացնել», ըսած է Տ. Յարութիւնեան, ըստ որուն, նախագիծին համար որեւէ գումար չէ նախատեսուած, այլ անիկա պիտի իրականացուի ճարտարապետներուն կողմէ՝ իբրեւ բարի կամքի արտայայտութիւն:
Այն հարցին, թէ՝ ինչո՞ւ աշխարհի քաղաքի փոխարէն չի կառուցուիր մեր մայրաքաղաքներու կամ պատմական Հայաստանի քաղաքներու աշխարհը, ան պատասխանած է. «Լաւ գաղափար էք ասում, բայց այս պահի դրութեամբ աշխատում է «Աշխարհի քաղաքը», քանի որ այն իր մէջ որոշակի հանդուրժողականութեան, իրար մշակոյթը հասկանալու, իրար տեսնելու, աշխարհում Հայ Սփիւռքի տարածուածութեան իմաստն ունի»:
Նշենք, որ «Շանհայ Expo-2010» համաշխարհային ցուցահանդէսի խորագիրն է «Բարեկեցիկ քաղաք՝ բարեկեցիկ կեանք»: Ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին աշխարհի 192 երկիրներ եւ աւելի քան 50 միջազգային կազմակերպութիւններ: Սպասուող այցելուներուն թիւը կը կազմէ շուրջ 100 միլիոն: