ԼՈՆՏՈՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներէն եւ Շուէտէն ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծ մը կը քննարկուի նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ:
Համայնքներու պալատի 12 պատգամաւորներու ստորագրութեամբ ստեղծուած յանձնաժողովը, Յունուարէն ի վեր կ՛ուսումնասիրէ Ապրիլ 24ը իբրեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» պաշտօնապէս նշելու մասին պահանջքը:
Պատգամաւոր Էնտրիւ Տիսմորի առաջնորդութեամբ կատարուող Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի ուսումնասիրութեան կ՛աջակցին պատգամաւորներ Պապ Սպինկ, Ճոն Աուստին, Նիլ Կերատ, Մարթին Քաթոն, Տօն Ֆոսթըր, Էնտրիւ Մակքինլաւ, Ճերըմի Քորպի, Էնտրիւ Ճորճ եւ Սթիվըն Փոունտ:
Թրքական լրատուական միջոցները կը յայտնեն, թէ ուսումնասիրուող 4 էջէ բաղկացած օրինագիծը երկրորդ փուլ պիտի անցնի Մարտի վերջաւորութեան: Առաջին փուլով համաձայնութիւն գոյացած է օրինագիծի ընդհանուր շրջագիծին շուրջ, առանց քննարկելու բուն բովանդակութիւնը: Այս հանգրուանին կարելի եղած է օրինագիծը պաշտօնապէս խորհրդարան ներկայացնել:
Երկրորդ հանգրուանով, յանձնաժողովի ներկայացուցած օրինագիծը պիտի քննարկուի պատգամաւորներու կողմէ: Սոյն հանգրուանը շատ կարեւոր է, որովհետեւ պատգամաւորներու արտայայտած եւ պաշտպանած տեսակէտներուն հիման վրայ ձեւաւորուած օրինագիծը յետայսու չի կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ, ինչպէս նաեւ օրինագիծին վերաբերեալ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կարծիքներուն հետ համադրաբար, պէտք է որոշուի եւ յստակացուի զայն խորհրդարանի քուէրակութեան դնելու հարցը:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին հաւանութիւնը չստացած օրինագիծը չի կրնար օրէնքի ուժ ունենալ: Խորհրդարանին կողմէ ստեղծուած անկախ յանձնաժողովին զեկոյցը, միեւնոյն ժամանակ, պէտք է քուէարկութեան դրուի նաեւ Լորտերու պալատին մէջ, եւ ապա վաւերացուի: