ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին Ուաշինկթըն այցելելու հրաւէրին լուրը ստանալով՝ «Ասպարէզ» դիմեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին, խնդրելով մեկնաբանել այս այցելութեան նշանակութիւնը քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ:

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման յայտնապէս լուրջ ճնշումներու տակ է թրքական կառավարութեան կողմէ՝ ամէն գնով ձախողեցնելու Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումը: Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին յայտնի քուէարկութենէն ետք, այս ճնշումները աւելի մեծցած են, վստահաբար: Մեր մտավախութիւնը այն է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրաւիրելով Ուաշինկթըն՝ Օպաման եւ իր խորհրդականները պիտի ջանան երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի ղեկավարութիւնը լծակից դարձնել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ իրենց ճիգերուն: Չմոռնանք անցեալ տարուան Ապրիլ 22ի տխուր իրադարձութիւնը, ճանապարհային քարտէսի հրապարակման պահի անպատեհութիւնը, որ հնարաւորութիւն տուաւ նախագահ Օպամային Ցեղասպանութիւն բառի գործածութենէն խուսափումը արդարացնելու: Հիմա, Ուաշինկթըն գալով՝ նախագահ Սարգսեան պիտի ծառայէ նոյն նպատակին: Այս ծուղակը, անշուշտ, կարելի է վերածել հրաշալի առիթի մը՝ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ ուղղակիօրէն նախագահ Օպաման յիշեցնելու իր նախընտրական խոստումը, եւ ակնարկելու, որ ժամանակն է յարգելու այդ խոստումը: Եթէ նման քայլ կատարելու պատրաստ չէ Հայաստանի նախագահը, ապա մեր առաջարկը պիտի ըլլայ, որ ան պատրուակ մը գտնէ ու իր Ուաշինկթըն այցելութիւնը յետաձգէ Ապրիլ ամիսէն ետք», ըսաւ դոկտ. Յովսէփեան:
Թիւ 252 բանաձեւի հետագայ ճակատագրին անդրադառնալով՝ դոկտ. Յովսէփեան յայտնեց, որ «Այսօր ականատես ենք գուշակութիւններու եւ քարոզչական ճիգերու ամբողջ տարափի մը՝ ըլլայ անիկա թելադրուած կամ հիմնուած անտեղեակութեան վրայ, ըստ որոնց, Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովին մէջ թիւ 252 բանաձեւի յաջողութենէն ետք այլեւս յառաջ երթալու տեղ չկայ, եւ Քոնկրեսի ղեկավարութիւնը ամէն գնով խեղդամահ պիտի ընէ բանաձեւը: Այս տեսակի նախատեսութիւնները անհեթեթ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան՝ ծառայելով միայն հայ ժողովուրդի թափը կոտրելու մութ հաշիւներուն»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը շարունակեց իր մեկնաբանութիւնը՝ շեշտելով, որ «Մեր պայքարը այսօր թեւակոխած է նոր հանգրուան մը եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող իւրաքանչիւր հանգրուան ունի իր տրամաբանութիւնը ու համապատասխան ռազմավարութիւնը: Ազգովին ճիգ պէտք չէ խնայենք, որպէսզի արդարութիւնը յաղթանակէ Քոնկրեսին մէջ, ինչպէս Հինգշաբթի օր յաղթանակեց Շուէտի խորհրդարանին մէջ: Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ բոլոր անոնք, որոնք յանձնաժողովին մէջ բանաձեւի պարտութիւնը նախատեսեցին, սխալ դուրս եկան: Անոնք սխալ դուրս պիտի գան նաեւ ներկայ հանգրուանին, որովհետեւ մեր պայքարը արդար է եւ մեր ռազմավարութիւնը՝ ճիշդ: Արդարութիւնը պիտի յաղթէ»: