ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի լրատուական միջոցները կը տեղեկացնեն, թէ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ, Երեւանի մէջ անոր կատարած քանի մը յայտարարութեանց կապակցութեամբ:
Նշենք, որ Ֆասիէ Երեւանի մէջ յայտարարած էր, թէ պատերազմի պարագային, Ատրպէյճան կը պարտուի, որովհետեւ ինք տեղեակ է հայ զինուորներու քաջութեան մասին: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ֆասիէ հերքած է նման յայտարարութիւն կատարած ըլլալը՝ ըսելով, թէ իբրեւ դիւանագէտ՝ ինք չի կրնար նման յայտարարութիւն կատարել, այսինքն՝ «գնահատել որեւէ երկրի բանակի, հայրենասիրութեան ու ոգիի վիճակը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.