ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 13ին հանդիպում մը ունեցած է Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին հետ։ Տարաբնոյթ հարցերու կողքին, նախագահը անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ու ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման։

Նախագահ Բ. Սահակեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ ողջունելի պիտի ըլլար, եթէ դէպի Եւրոպա ձգտող Թուրքիան առաջնորդուէր այն համամարդկային արժէքներով, որոնցմով կ՛առաջնորդուի Եւրոպան, սակայն, նախագահին կարծիքով, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ կապուած վերջին զարգացումներն ու Թուրքիոյ պահուածքը ցոյց կու տան, թէ վերջինս կը վարէ կեղծ քաղաքականութիւն:
«Մենք գործ ունենք՝ ի դէմս Թուրքիայի, այնպիսի պետութեան հետ, որը չի կարողանում դուրս գալ քոմփլեքսաւորուած (բարդոյթաւորուած-Խմբ.) վիճակից», աւելցուցած է նախագահը, ըստ որուն, Թուրքիան համարժէք պատասխան չէ տուած՝ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ ստեղծելու Հայաստանի առաջարկին, այլ, առաջին պահէն իսկ ան փորձած է նախապայմաններ ներկայացնել:
Ըստ ԼՂՀ նախագահին, նման պայմաններու մէջ հնարաւոր չէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւում ակնկալել:
Պատասխանելով ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին վրայ Ղարաբաղի կառավարութեան ազդեցութեան լծակներու հարցին՝ նախագահը նշած է, որ ո՛չ միայն կառավարութիւնը, այլ ընդհանրապէս ղարաբաղեան կողմի ազդեցութեան լծակները նուազագոյնն են, քանի որ Ղարաբաղը չի մասնակցիր բանակցութիւններուն:
Անոր խօսքերով, 2009ին իրենք յաջողած են նոր ուղղութիւն մտցնել խանգարուած ձեւաչափին մէջ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի հետ հանդիպումներուն ընթացքին արտայայտած են իրենց յստակ դիրքորոշումը, ըստ որուն, Արցախեան հարցին լուծումը անհնար է առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան։
«Համոզուած եմ, որ գալու է ժամանակը, երբ ե՛ւ միջազգային հանրութիւնը, ե՛ւ որպէս միջնորդ հանդէս եկող կազմակերպութիւնները գալու են այդ եզրայանգման», ըսած է նախագահը եւ աւելցուցած, որ կողմնակից չէ ծայրայեղ քաղաքականութեան, ու կը կարծէ, թէ պէ՛տք է շարունակել այն հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը, զոր կը վարեն ԼՂՀ իշխանութիւնները 1994էն ի վեր: Ըստ նախագահ Սահակեանի, նման քաղաքականութիւն աւելի կ՛ամրապնդէ իրենց դիրքերը: