ՀԱԼԷՊ.- Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ Մարտ 22-23ի միջեւ պիտի կայանայ հայ-սուրիական գործարար համաժողով մը, որուն մասնակցելու համար արդէն դիմած է աւելի քան 20 հայ գործարար: Ըստ համաժողովի կազմակերպիչ, Հայաստանի առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի գործարարութեան զարգացման վարչութեան պետ Մասիս Սարգսեանի, նշեալ գործարարները կը ներկայացնեն սնունդի արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան, բժշկութեան, զբօսաշրջութեան, շինարարութեան եւ գիտատար արդիւնաբերութեան ոլորտները:
Սուրիական կողմէն համաժողովին պիտի մասնակցին համապատասխան ոլորտներու առաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք շահագրգռուած են Հայաստանի գործարարներուն հետ տնտեսական նոր կապերու ստեղծումով: Ըստ Մ. Սարգսեանի, համաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր։ Անոր հաւաստումով, ծրագիր կայ այս աշնան Հալէպի մէջ կազմակերպել նաեւ հայկական արտադրանքներու ցուցահանդէս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.