ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Մարտ 11ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:
Հայրապետին եւ դեսպան Քոչարեանի միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան կարգ մը նիւթեր՝ առնչուած կաթողիկոսի վերջերս Հնդկաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան, իբրեւ պետութեան հիւրը, եւ այնտեղ ունեցած հանդիպումներուն՝ եկեղեցական թէ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Հանդիպումը ընդգրկեց նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ոլորտը, որուն ընթացքին վեհափառը շեշտեց յատկապէս Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն ներկայացուցած կարեւորութիւնը, իբրեւ սփիւռքահայութեան միջնաբերդ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.